ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնները եւ կոչ ուղղեց պայքարելու հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի մերժեց ընդառաջել Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի խնդրանքին: Ասիրի Ռիֆիէն խնդրած էր հանդիպիլ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Քասեմի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ Լոնտոն պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ դուրս գալու իրականութիւնը ժխտական ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ խորհրդարանը իր հսկողութեան դերակատարութեան մէջ կը թերանայ, որովհետեւ երկիրը հիմնուած է փտածութեան վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ սուրիական գաղթակայանները հսկողութեան ենթակայ չեն եւ արդէն իսկ ժամանակը անցած է` զանոնք հսկողութեան ենթարկելու իմաստով:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական վտանգաւոր իրավիճակին մասին ընկերային ցանցերուն վրայ նշուած տեղեկութիւնները ոճիր կը նկատուին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ բոլորին, եւ պէտք է անոր դէմ պայքարիլ զինուորական արտակարգ զօրութեամբ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր շեշտեց, որ ահաբեկիչներուն նպատակը Քաայի բնակչութեան պարպումն է, որովհետեւ այդպիսով կարելի կը դառնայ Պեքաայի մուտքը դատարկել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ սպառնացող ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ նաեւ Եւրոպային: Ան ընդգծեց, որ բոլոր լիբանանցիները կը զօրակցին լիբանանեան բանակին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Հըզպալլա լիբանանեան ժողովրդային դիմադրութիւնն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի բազուկը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ապահովական աղբիւրներ կոչ ուղղած են դիմադրելու սուրիական գաղթակայանները մուտք գործող ահաբեկիչներուն:
«ԽԱԼԻԺ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ձերբակալած ահաբեկիչները կարեւոր խոստովանութիւններ կատարած են:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժեր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլա չի միտիր Հալէպի ճակատամարտէն հրաժարիլ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Թրիփոլիի մէջ որդեգրուած են ապահովական խիստ միջոցառումներ` ապահովական կայունութիւնը պահպանելու մտահոգութեամբ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական աղբիւրներ հաստատած են, թէ ամերիկացիները, ռուսերն ու արաբները կը փափաքին պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: