
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:
Նիստէն ետք համախմբումին անունով նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Քաայի անձնասպանական գործողութիւնները տիրական նիւթի վերածուեցան նիստին ընթացքին:
«Զօր. Աուն շեշտեց, որ նման անարգ ոճիրներու դատապարտումը անբաւարար է: Ան ըսաւ, որ պէտք է դատապարտել այն երկիրները, որոնք ահաբեկչութիւնը կը հովանաւորեն եւ կը սնուցեն` զայն զինելով եւ ֆինանսաւորելով, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականները բնակեցնելու մասին մտածելով», ըսաւ Ժրայսաթի:
Ժրայսաթի հարց տուաւ, որ կարելի՞ է ժխտել սուրիական գաղթականութեան վտանգները, եւ կոչ ուղղեց դիմադրելու ամէն տեսակի վտանգի, որպէսզի այս պատերազմին ընթացքին կարելի ըլլայ յաղթել մեր հակառակորդներուն, որոնք կը ծագին Լիբանանի արեւելեան սահմաններէն:
Ժրայսաթի ցաւակցութիւն յայտնեց Քաայի մէջ ինկած բոլոր զոհերուն ընտանիքներուն` հաստատելով, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի Քաա այցելութեան նպատակը շրջանի բնակչութեան զօրակցիլն էր եւ անոնց հերոսական կեցուածքները դրուատելը:
«Կառավարութիւնը պէտք է իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ սուրիացի գաղթականներուն հարցով», յայտնեց Ժրայսաթի` շեշտելով, որ կարելի չէ այդ իմաստով որդեգրուելիք միջոցառումները ուշացնել:
«Պէտք է որդեգրել սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող պաշտօնական քարտէս մը` պաշտպանելու համար ապահով տունդարձի գաղթականներուն իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելով երկրին եւ լիբանանցի քաղաքացիին անվտանգութիւնը», հաստատեց Ժրայսաթի:
Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ կան ահաբեկիչներ, հետեւաբար պէտք է Սուրիոյ հետ խօսիլ անոր դեսպանին ընդմէջէն եւ համադրել սուրիացի գաղթականներուն տունդարձին մանրամասնութիւնները:
«Լիբանանցիները սուրիական գաղթականութեան վտանգներուն հաւանականութենէն պաշտպանելը անհրաժեշտ է, իսկ եթէ այդ հոլովոյթը ցեղապաշտութիւն կը կոչուի, ապա մենք կը հաստատենք, որ առիթ պիտի չտանք, որ վտանգը սպառնայ մեր ապահովական կայունութեան եւ ժողովուրդին անվտանգութեան», շեշտեց ան:


