
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու նոր նշանակուած օգնական Ժապիրի Անսարի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:


