
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործակատար Տենի Հոլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Քաայի մէջ տիրող իրավիճակը` շրջանին վկայած անձնասպանական գործողութիւններէն ետք:
Միւս կողմէ, Պըրրի հետեւեցաւ Քաայի մէջ տիրող իրավիճակին եւ անձնասպանական գործողութիւններուն մասին բացուած հետաքննութեան հոլովոյթին:
Այս նպատակով Պըրրի մնայուն կերպով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ապահովական կառոյցներու եւ բանակի պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Մարուան Ֆարեսի եւ Էմիլ Ռահմէի հետ:


