
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ քարիւղի հանքերու պեղման եւ քարիւղի ու բնական կազի արտահանման առումով Լիբանան շատ արագ պէտք է շարժի:
Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի հանքերուն մասին աճուրդի գործընթացը պէտք է անմիջապէս սկսի, աւելցնելով, որ աճուրդը չենթադրեր, որ ընկերութիւնները քարիւղի այս կամ այն հանքը ընտրելու իրաւունք պիտի ունենան:
Ա. Նազարեան յայտնեց, որ շուրջ ամիս մը առաջ նախարարութիւնը յստակ տեղեկութիւններ ստացած է հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող քարիւղի հանքերուն մասին, աւելցնելով, որ այդ հանքերուն մէկ բաժինը իսրայէլեան կողմին հետ միացեալ շրջաններուն մէջ կը գտնուի:
«Այս տեղեկութիւնները ստանալէ անմիջապէս ետք, նախարարութիւնը զանոնք փոխանցեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի: Այս տեղեկութիւններուն լոյսին տակ է, որ Պըրրի անհրաժեշտ գտաւ քարիւղի արտահանման աշխատանքներուն անյապաղ գործնականացումը, որպէսզի Իսրայէլ չօգտուի լիբանանեան կողմին արձանագրած ուշացումէն», յայտնեց Նազարեան:
Ա. Նազարեան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է իսկոյն վաւերացնէ քարիւղի արտահանման աշխատանքները գործնականացնելու որոշումը, անկախ Ամալ շարժումին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնութենէն:


