Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Պաշտօնապէս Կը Դատապարտէ Սէուտական Արաբիան Թիրախ Դարձուցած Ահաբեկչութիւնը

July 6, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lebanon condemns suicide attack_70516

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, խստիւ դատապարտելով Սէուտական Արաբիոյ մէջ մզկիթները թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին դատապարտեց Սէուտական Արաբիան ցնցած ահաբեկչութիւնները` շեշտելով, որ անոնց նպատակն է սրբավայրերու պղծումն ու համայնքային սադրանքներու հրահրումը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած դատապարտագիրին մէջ Սէուտական Արաբիոյ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնուեցաւ:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք դատապարտեց Սէուտական Արաբիան ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու արարքը, շեշտելով, որ Սէուտական Արաբիան հարուածել կը նշանակէ հարուածել բոլոր իսլամները եւ արաբ ժողովուրդը:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ըսաւ. «Ո՛վ որ ժողովուրդին սուտեր կը հրամցնէ` թէ Սէուտական Արաբիա կը ֆինանսաւորէ ահաբեկչութիւնը, հրաւիրուած է խղճի խայթ ունենալու»:

Հարիրի դատապարտեց Ժետտան հարուածած ահաբեկչութիւնը, շեշտելով, որ ամբողջ իսլամականութիւնը նեցուկ կը կանգնի Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր թագաւորութեան:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց Ժետտան ցնցած անձնասպանական գործողութիւնները, շեշտելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պատասխանատուութիւնը դարձած է արաբական եւ միջազգային հաւաքական պատասխանատուութիւն:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ դէմ գործուած ահաբեկչական յարձակումները: Ան կոչ ուղղեց Իրանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի` պատերազմելու ահաբեկչութեան դէմ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց Սէուտական Արաբիան թիրախ դարձուցած պայթումները շեշտելով, որ անոնք այլ փաստեր են, թէ ահաբեկիչները կը միտին պղծել նաեւ իսլամական սրբութիւնները:

Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիան թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնը, հաստատելով, որ իսլամական սրբավայրերը անձնասպանական գործողութիւններով հարուածող այս արարքները կը փաստեն, որ չափաւորական իսլամականութիւնը կոյր ահաբեկչութեան առաջին թիրախն է:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ բարի ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն, զօրակցութիւն յայտնելով Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութեան:

Լրագրողներու սենտիքան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ մզկիթները թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնները, հաստատելով, որ իսլամական կրօնը ահաբեկչութեան կրօն չէ:

 

 

Նախորդը

Մուքպել Յունաստանի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ամերիկացի Եւ Ֆրանսացի Դիւանագիտական Պաշտօնատարներ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.