Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավար Տենի Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Սալամին այցելեց նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան տագնապներու գրասենեակի պատասխանատու դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որ քննարկեց յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք էյրոյի Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, որ յայտնեց, թէ հակառակ երկրին մէջ տիրող մթնոլորտին ինք շնորհաւորած է վարչապետը` Ֆիթրի տօնին առիթով:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ Ֆիթրի տօնին առիթով ուխտագնացութեան մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ: