ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նախկին նախարար Ուատիհ Խազենէն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն ստացած ցաւակցագիրներուն պատասխանելով հաստատեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ, անոր բոլոր ձեւերուն մէջ եւ ինչ ալ ըլլան պայմանները:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի Մեհրապի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին հետ հանդիպում ունենալէ ետք յայտնեց, որ կարելի չէ ըսել, թէ նախագահական ընտրութեան հարցով կարելի եղած է լուծումի մը յանգիլ:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ քարիւղի մասին համաձայնութիւնը տակաւին ամբողջական չէ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն վաւերացնել:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ կառավարութիւնը այլեւս կարողութիւն չունի որոշումներ տալու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան անհրաժեշտ նկատեց քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարի ճշգրիտ տնօրինումը: Ան նշեց, որ կարգ մը նախարարութիւններու օգտագործումը` քաղաքական նպատակներով, ամօթ է:
ԸՍՏ լաւատեղեակ աղբիւրներու, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ Ժահժահին թելադրած է, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առումով ան առաջին հերթին համոզէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ շրջանը եւ ամբողջ աշխարհը հարուածող ծայրայեղութիւնը ոչ ոքի կը խնայէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ Ֆիթրի տօնին առիթով համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը բնական էր, աւելցնելով, որ միայն նախարարաց խորհուրդը կրնայ քարիւղի պեղման եւ արտահանման գործնականացման աշխատանքը արտօնել:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Նաժի Հայէք շեշտեց, որ Ծոցի երկիրներու շահերուն չի ծառայեր, որ Լիբանան քարիւղ արտահանէ, որպէսզի Լիբանան մնայ Ծոցի երկիրներու շուքին տակ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ Ամմար Հուրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է, աւելցնելով, որ իրենք կը շարունակեն զօրակցիլ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր ուղեգիծը` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու յոյսով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով արաբական եւ շրջանային յանձնառութիւն կայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծման առումով արեւմտեան, շրջանային եւ ներքին լիբանանեան մերձեցում գոյութիւն ունի: Ան շեշտեց, որ եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահ ընտրուի, ան Լիբանանի պատմութեան մէջ պիտի ըլլայ անզուգական նախագահ մը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուութեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ուղղուիլ դէպի նախագահական ընտրութեան լուծում, որովհետեւ անիկա միակն է, որ կրնայ երաշխաւորել Լիբանանի պահպանումը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը գտնուի այնպիսի կացութեան դիմաց, որ կրնայ հրաժարիլ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութենէն եւ ընդունիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ընտրական օրէնքին մասին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կեցուածքները ամէնէն աւելի մօտ են իրենց կեցուածքներուն:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա խորհուրդ տուած է Սէուտական Արաբիոյ դրական վարուելակերպ ցուցաբերելու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի:


