
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ֆիթրի տօնին առիթով ուղղուեցաւ Տար Ֆաթուա, ուր ան շնորհաւորեց Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիանին փոխանցած է իր բարեմաղթութիւնները` յարգելով իրարու այցելելու եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը պահպանելու լիբանանեան սովորութիւններն ու աւանդութիւնները:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանցիներուն համար բազմազանութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը կարգախօսներ չեն, այլեւ` սովորութիւններ եւ աւանդութիւն:
Ան մաղթեց, որ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն տիրէ եւ մարդիկ հաշտ ապրին:
Զօր. Աուն նշեց, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին հետ: «Թէեւ մեր միջեւ կան քաղաքական հսկայ տարակարծութիւնները, սակայն այդ մէկը չ՛արգիլեր պահպանելու յարաբերութիւնը», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, շեշտելով, որ առանց Հանրապետութեան նախագահի երկիրը յաւելեալ տագնապներու դէմ յանդիման պիտի գտնուի, յատկապէս տնտեսական: «Հետեւաբար, կարեւոր է դուրս գալ այդ տագնապէն», ըսաւ ան:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց զօր. Աունը, որ Ֆիթրի տօնին առիթով իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Պըրրիին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող շարք մը հարցեր:
Ռապիէի Մէջ

Միւս կողմէ, զօր. Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Իսամ Նաամանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Նաաման կոչ ուղղեց մշակելու համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնք մը, ամբողջ Լիբանանը վերածելով մէկ ընտրաշրջանի:
ՆՇԵՆՔ, որ զօր. Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի հետ: Ան խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները, ինչպէս նաեւ Ասիրիին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները:


