
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը հասնի Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երկու պետերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներու եւ պետական այլ պաշտօնատարներու հետ:
Լիբանանեան քաղաքական կողմերը արդէն իսկ մեծ յոյսերով չէին զինուած Էյրոյի կատարելիք այցելութեան առիթով, սակայն անոր զուգահեռ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Էյրոյի Պէյրութ ժամանումէն 72 ժամ առաջ պաշտօնապէս յայտնեց, որ ֆրանսացի դիւանագիտութեան պետին այցելութեան նպատակն է ամբողջական զօրակցութիւն յայտնել Լիբանանին:
Կը նախատեսուի, որ լիբանանցի քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ Էյրօ քննարկէ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ կարգ մը լիբանանեան այլ հարցեր, յատկապէս երկրին վրայ Սուրիոյ պատերազմին եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն ունեցած հետեւանքները:
Էյրօ պիտի այցելէ նաեւ հարաւային Լիբանան` Նաքուրա, ուր պիտի ստուգէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական զօրամասը:
Միւս կողմէ, այս շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտ պիտի հասնի Լիբանան, կառավարութիւնը պիտի գումարէ զոյգ նիստեր, իսկ խորհրդարանը չորեքշաբթի, 13 յուլիսին պիտի գումարէ նախագահական ընտրութեան 42-րդ նիստը:


