ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ իրենք մաս կը կազմեն կառավարական կազմի մը, որ բաղկացած է պահակներէ, որոնց պարտականութիւնն է հսկել պետական հաստատութիւններուն:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն թողած վէրքերն ու հետքերը պէտք է շրջանցել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը անհրաժեշտ է, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը մէկ է: Արսլան ընդգծեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն եւ անոր հետ համաձայնած մօտիկ ապագային հանդիպելու` քննարկելու համար երկրին քաղաքական իրավիճակը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխան Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ ահաբեկչութեան մայրն են, իսկ հաւատադրժողական ահաբեկիչները անոնց գործակալները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն հաստատեց, որ ազգային երկխօսութիւնը միայն կրնայ ներքին լիբանանեան հարցերուն արդիւնքներ ապահովել: Ան շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպումը զուտ շնորհաւորական եղած է, աւելցնելով, որ երկու ղեկավարները նախագահական ընտրութեան թղթածրարը չեն քննարկած:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ ահաբեկչութեան բնօրրանը Իսրայէլն է, հաստատելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ վերջին տարիներուն արձանագրուած զարգացումներէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր խմբաւորումներուն յառաջիկայ օգոստոսին, ամենայն պատասխանատուութեամբ ընդառաջելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան` հեռու մնալով բանավէճերէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կախեալ է շրջանին մէջ գտնուելիք ընդհանուր լուծումէն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ ներկայ կառավարութիւնը ունի մեծ պատասխանատուութիւններ, սակայն կարելի չէ ըսել, թէ ան ձախող է կամ անկարող:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ կատարեց հարաւային Լիբանանի վերեւ, խախտելով երկրին օդային սահմանները եւ ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ: Իսրայէլեան օդուժը գործեց նաեւ կեղծ յարձակումներ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է, աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հանդէպ զօրակցութիւնը յստակ է ու շօշափելի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր նշեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան նպատակն էր, որ ռամատան ամսուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արիւնալի սպանդներ գործուին, սակայն լիբանանցիներուն գիտակցութիւնն ու միասնականութիւնը արգիլեց այդ արարքներուն գործադրութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն հաստատեց, որ կարելի չէ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը շրջանցել առանց խաղաղ եւ պատասխանատու երկխօսութեան:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Ժպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոս կիրակի օրուան քարոզին մէջ ցաւ յայտնեց քաղաքական մակարդակի վրայ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, ինչպէս նաեւ բացայայտ փտածութեան մասին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապրը շեշտեց, որ Լիբանանը շրջանային տագնապէն անջատելու առումով շրջանային եւ միջազգային յստակ համոզում գոյութիւն ունի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաամէ Թոհմէ յայտնեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան լիբանանեան հողին, եւ ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները պիտի չհրաժարին Լիբանանէն:
«ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ կայ մերձեցում մը, որուն նպատակն է արագացնել նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց արագացնելու երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները աշխուժացնելու քայլերը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ սէուտական վարչակարգը ռազմավարական մեծ սխալ մը գործած է` արաբ ժողովուրդին դիմաց Հըզպալլան ներկայացնելով իբրեւ ահաբեկչական վտանգ: Այս առիթով ան Սէուտական Արաբիոյ հարցուց հետեւեալը. «Մինչեւ ե՞րբ սէուտական վարչակարգը պիտի զօրակցի մեզի սպանութեան թիրախ դարձնող կողմերուն»:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց զիջելու ի խնդիր Լիբանանի շահերուն եւ օժանդակելու ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնած շարժումները ապարդիւն դուրս պիտի գան, որովհետեւ նախագահական ընտրութեան արդիւնքները ուղղակիօրէն կապուած են Հըզպալլայի եւ Իրանի հետ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ համախոհութիւնը հիմնական կարիք է` քարիւղի թղթածրարը գործադրութեան դնելու առումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դէմ գործուած ահաբեկչական յարձակումները թիրախ դարձուցած են բոլոր իսլամական ժողովուրդները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքը համոզուած է, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը միակն է` նախագահական ընտրութեան առումով:


