Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտերկրի Լիբանանցիներու Տնտեսական Բ. Խորհրդաժողով . «Լիբանան Իր Տեղացի Եւ Արտերկրի Թեւերով Պիտի Յաղթահարէ Տնտեսական Սեղմումի Քաղաքականութեան» Շեշտեց Պըրրի

Յուլիս 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

27687058714_77a23346e2_c

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ բացումը կատարեց արտերկրի լիբանանցիներու տնտեսական Բ. խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ «Մովենփիք» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով նախարարներու, դեսպաններու եւ աւելի քան 550 լիբանանցի գործարարներու, որոնք ներկայացուցին Ծոցի, Ափրիկեան, Եւրոպայի երկիրները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգները:

Պըրրի ըսաւ. «Կը հաստատենք Թաէֆի համաձայնագիրին եւ անոր գործադրութեան մեր կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնանք Ծոցի երկիրներուն եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ հեզասահ յարաբերութիւնները պահպանելու»:

Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած յուլիսեան պատերազմի 10-ամեակին առիթով հարկ է ողջունել լիբանանեան բանակի եւ Դիմադրութեան նահատակ մարտիկներուն յիշատակը:

«Լիբանանի դէմ կանխամտածուած այդ պատերազմը խստիւ դատապարտելի է», ըսաւ Պըրրի, խոնարհելով Այթարունի, Սրիֆայի, Ղազիէի Կանայի եւ այլ շրջաններու մէջ զոհուած քաղաքացիներուն յիշատակին:

Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանան այդ պատերազմին յաղթանակ արձանագրեց իր մղած գոյատեւման միասնական պայքարով եւ Դիմադրութեամբ: «Լիբանան նոյն ձեւով պիտի կարենայ յաղթել նաեւ ահաբեկչութեան եւ տնտեսական սեղմումի քաղաքականութեան», ըսաւ ան:

Պըրրի մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը կարելի կը դառնայ, աւելցնելով, որ Լիբանան շրջանէն անջատուած կղզի մը չէ եւ ան կ՛ազդուի շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին հետեւանքներէն:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ  պատերազմները մագլցումներ պիտի արձանագրեն, աւելցնելով, որ Լիբանան կոչ կ՛ուղղէ արաբական, Ծոցի երկիրներու, սէուտական եւ իրանեան յարաբերութիւնները բարելաւելու, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը վերահաստատելու, որովհետեւ անոնք լիբանանեան, սուրիական, եգիպտական, իրաքեան, եմէնական, պահրէյնական անհրաժեշտութիւն կը նկատուին: «Անոնք նաեւ իսլամական անհրաժեշտութիւն են, ինչպէս նաեւ սէուտական եւ իրանեան անհրաժեշտութիւն: Այս շրջագիծին մէջ ես սիրոյ նամակներ կամ միացեալ գործունէութիւն չեմ ակնկալեր, սակայն նուազագոյնը այս երկու երկիրներուն միջեւ պաղ խաղաղութիւն մը կը փափաքիմ տեսնել, պահպանելու համար շրջանը եւ զօրակցելու համար Պաղեստինեան արդար դատին լուծման», ըսաւ Պըրրի:

Պըրրի դրուատեց արտերկրի լիբանանցիներուն դերակատարութիւնը, շեշտելով, որ անոնք են այսօրուան եւ ապագայի միակ յոյսը, որով կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել այս հանգրուանը:

Պըրրի իր խօսքը աւարտեց ներկայացնելով շարք մը գործնական առաջարկներ, որոնք Լիբանանի հետ արտերկրի լիբանանցիներուն յարաբերութիւնները ամրապնդելու ընթացագիծը կը նկատուին, յատկապէս տնտեսական մակարդակի վրայ:

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Նախագահական Թափուր Աթոռին Պատասխանատու Կը Նկատէ Մուսթաքպալ Հոսանքն Ու Սէուտական Արաբիան

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Յետաձգեց Բջիջային Հեռաձայնի Ընկերութիւններուն Աշխատանքը Երկարաձգելու Քննարկումը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?