Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ փորձառութիւնը փաստած է, թէ լիբանանեան մակարդակի վրայ կարելի չէ ոչ մէկ համայնք, յարանուանութիւն կամ  քաղաքական ուժ ջնջել:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր քաթարեան Կարմիր Խաչին հետ քննարկեց սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու միջոցները:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի կացութիւնը վատէն դէպի աւելի վատ կ՛ուղղուի:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ Միջազգային դրամատունը 55 միլիոն տոլարի գումար մը յատկացուցած է Քարաոնի եւ Լիթանիի գետերուն ապականումին վերջ տալու նպատակով:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի հաստատեց, որ պէտք է ելեւմտական բարեկարգումներ կատարել եւ պետական նոր ամավարկ մը մշակել:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ կը քաղաքականացնէ բոլոր այն թղթածրարները, որոնք կը քննարկենք անոր հետ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահած Հանրապետութեան հանդիպումը կոչ ուղղեց լիբանանեան քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարը հեռացնելու կասկածներու շրջագիծէն:

ԲԱՆԱԿԻ մասնայատուկ ուժերու նախկին հրամանատար գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ Լիբանան իր ղեկավարութեամբ եւ իշխանութիւններով, յատկապէս հանրապետութեան նախագահով պէտք է հզօր ըլլայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը սիոնական ահաբեկչութեան մէկ այլ երեսն է, շեշտելով, որ իրենք պիտի յաղթեն այդ ահաբեկչութեան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ Սուրիոյ պարտութիւնը Արաբական աշխարհին մէջ Դիմադրութեան պարտութիւնն է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, ո՛չ հանրապետութեան նախագահ կարելի պիտի ըլլայ ընտրել եւ ո՛չ ալ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, առանց շրջանին մէջ տիրող պայմաններուն բարելաւումին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան թուիթըրեան գրառումի մը մէջ յայտնեց, որ ինք համաձայն է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այն կարծիքին, թէ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու նպատակով 1960-ի ընտրական օրէնքը որդեգրուելու պարագային, անոր դէմ ժողովրդային յեղափոխութիւն մը պիտի գործադրուի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը փոխադրուեցաւ պատրիարքութեան ամարանոցը, Տիման:

ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Զիատ Քատիրին եւ Քասեմ Ապտել Ազիզը, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական առումով:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ այս հանգրուանին տակաւին նախագահական ընտրութիւն կատարելու յարմար առիթը չէ եկած:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարը սպառած է իր ստանձնած աշխատանքներուն տարողութենէն:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ հարց տուաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքին, ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ քաղաքապետարաններուն մօտ աղբի մշակման յատուկ վարժանքներու գործադրութիւնը ուշացնելու մասին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Ֆրանսա կորսնցուցած է Լիբանանի համար ազդու նախաձեռնութիւններ առաջադրելու իր կարողութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքին մշակումը կարելի պիտի չըլլայ յառաջացնել, որովհետեւ արդար ներկայացուցչութեան իմաստով կամք գոյութիւն չունի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Ֆաթթուշ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Զահլէի մէջ պիտի յայտարարուի քաղաքական նոր հոսանքի մը կազմութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն կոչ ուղղեց արտաքին ազդակներու վրայ գրաւ չդնելու եւ շրջանային ոչ մէկ զարգացում սպասելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի Լիբանան կատարած այցելութիւնը ոչ մէկ նորութիւն կ՛ընդգրկէր:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ պէտք չէ զարմանալ լիբանանեան պետութեան հասած փտածութեան եւ սառած իրավիճակին համար:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան Պէյրութի հարցերու ներկայացուցիչը շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն սպանդանոցի եւ Ռամլեթ Պայտա ծովափին փակումը, ինչպէս նաեւ եգիպտական հիւանդանոցին հաստատումը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի եւ գաղթականներուն դէմ արձակուող ցեղապաշտական արտայայտութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ հող շարժումի նախագահ Թալալ Տուէյհի կոչ ուղղեց կազմաւորելու իսլամ եւ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն միջեւ կալուածներու առուծախի դրութիւնն ու համապատասխան գործառնութիւնները:

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութիւնները երէկ սկսան իրենց ամառնային արձակուրդի շրջանը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 15 սեպտեմբեր:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի յոյս յայտնեց, որ Սայտայի քաղաքապետարանները բարգաւաճման ծրագիրներ իրագործելու առումով իրենց դերակատարութիւնը կը վերստանձնեն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորային փոխանցած է, որ արգիլուած է դպչիլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութեան: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը վարչապետ Թամմամ Սալամին հետ հանդիպումին ընթացքին յաւելեալ զօրակցութիւն յայտնած է Լիբանանի կառավարութեան, շեշտելով, որ Սաատ Հարիրին իրենց զաւակն է:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ իր ուժերը Տահր Պայտարի անցարգելին վրայ ձերբակալած են 11 սուրիացիներ, որոնք կեղծ անձնաթուղթերով մուտք գործած էին Լիբանան:

 

 

Նախորդը

Թրամփ 3 Կէտով Կրճատած Է Քլինթընի Առաւելութիւնը

Յաջորդը

Պասիլ Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Ռիչըրտի Եւ Լասընի Հետ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?