
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Լիբանանի գիտական հետազօտութիւններու բարոյական սկզբունքներու ուխտի ստորագրութեան, որուն ներկայ գտնուեցան կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, համալսարաններու նախագահներ, ինչպէս նաեւ գիտական, մշակութային եւ տեղեկատուական մարզի ներկայացուցիչներ:
Ուխտի ստորագրութեան ձեռնարկին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ այսօրուան հանդիպումին արժէքը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ այս ուխտը ստեղծուած է: «Մենք կը հաստատենք, որ Լիբանանի մէջ աշխատանքի հսկայ կարելիութիւններ գոյութիւն ունին` պահպանելու համար, ոչ միայն գիտական պարկեշտութիւնը, այլ նաեւ ընդհանուր պարկեշտութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիները մեծաւ մասամբ բարոյականի տէր ու պարկեշտ են, աւելցնելով, որ անոնք բարոյական երաշխիքներ ունեցող անձեր են, որոնք կը պահպանեն մեր երկիրն ու ազգային ուղին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ նախագահեց նաեւ աղէտներու առաջքը առնող յատուկ յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան այդ յանձնախումբին աշխատանքները բարելաւելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը:


