Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցիները Կը Հակազդեն Թուրքիոյ Ապրած Յեղաշրջումին

Յուլիս 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին Թուրքիոյ ապրած յեղաշրջումը գրաւեց լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը:

Կարգ մը լիբանանեան շրջաններ անդրադարձան այդ յեղաշրջումին ձախողութեան եւ այդ մասին իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին տօնական մթնոլորտով, մինչ ուրիշներ քննադատեցին այդ երեւոյթները, հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ նման երեւոյթներ պէտք չէ արձանագրուին, որովհետեւ Թուրքիա թշնամի Իսրայէլի ռազմավարական սերտ դաշնակից է:

Միւս կողմէ, լիբանանցի քաղաքական պաշտօնատարներ իրենց թուիթըրեան գրառումներէն եւ քաղաքական պաշտօնական կեցուածքներէն անմասն չձգեցին Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները:

Այս լուրով կ՛անդրադառնանք Թուրքիոյ յեղաշրջումին լիբանանցիներուն հակազդեցութեան:

salam_71716

Վարչապետ Թամմամ Սալամ ողջունեց Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի օրինականութեան արձանագրած յաղթանակը:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր: Միքաթի շեշտեց, որ թուրքերը յանձնառու են ժողովրդավարութեան:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Թուրքիոյ ապահովութիւնը շրջանին եւ իսլամական աշխարհին համար երաշխիք է: Ան շնորհաւորեց Էրտողանը եւ թուրքերը` Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան արձանագրած յաղթանակին համար:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումին ձախողութիւնը ժողովուրդը պիտի մղէ ժողովրդավարական վարչակարգին կառչած մնալու:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Էրտողան պէտք չէ չափազանցէ յեղաշրջումի փորձին դէմ իր հակազդեցութեամբ: Ան նշեց, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան յաջողութեան պատճառը անոր ի նպաստ կատարուած քուէարկութիւնն է, հետեւաբար պէտք չէ վարուելակերպի փոփոխութիւն արձանագրել եւ բռնատիրութեան վերածուիլ:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ պէտք է յարգել օրէնքի գերիշխանութիւնը եւ արդար դատավարութիւն շնորհել ամբաստանեալներուն:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակիցին` Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Պասիլ դատապարտեց յեղաշրջումը, որուն նպատակն էր հարուածել երկրին իշխանութիւնները:

Պասիլ շեշտեց, որ հարկ է յարգել ժողովրդավարութիւնը` հիմնուելով ժողովուրդին կամքին վրայ:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Ժումաա յայտնեց, որ նախարարութիւնը չի միտիր լիբանանցիները զգուշացնել Թուրքիա այցելելէ` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ կացութիւնը հետզհետէ կը բարելաւուի:

Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ ապրած վերջին իրադարձութիւններուն ընթացքին արտաքին գործոց նախարարութիւնը հետեւած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող իր քաղաքացիներուն իրավիճակին եւ «Միտըլ իսթ» ընկերութեան կողմէ տրամադրուած են երկու օդանաւեր, որոնք Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ մնացած շուրջ 220 լիբանանցիները երկու թռիչքներով փոխադրած են Պէյրութ:

Երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէսի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` յեղաշրջումին ձախողութեան եւ ժողովրդավարութեան յաջողութեան առիթով:

Դիմադրութեան հոգեւորականներու համաշխարհային համադաշնակցութիւնը իր կարգին դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած յեղաշրջումին ձախողութիւնը դրական իրադարձութիւն մը պէտք է նկատել, հակառակ անոր որ իրենք Էրտողանի կեցուածքներուն համամիտ չեն:

Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ դաւաճան խմբակներ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կռնակէն հարուած մը հասցուցած են եւ փորձած յեղաշրջում մը կատարել, ռմբակոծելով խորհրդարանը եւ կրակ բանալով քաղաքայիններուն վրայ:

Դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ հաստատուած էր, որ թրքական ապահովութեան ուժերը մերժած են այդ յեղաշրջումը եւ անմիջապէս հակակշիռի տակ առած այդ փորձը` ժողովուրդին զօրակցութեամբ:

«Յեղաշրջումը ձախողեցաւ նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին եւ թրքական զինեալ ուժերուն միջեւ գոյացած համախոհութեան, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքին գերիշխանութիւնը յարգելու անոնց յանձնառութեան շնորհիւ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ շրջանին մէջ կարգ մը քաղաքացիներ Էրտողանի նկարները եւ Թուրքիոյ դրօշակներ բարձրացուցին, ինչպէս նաեւ անուշեղէն բաժնեցին` տօնելով Թուրքիոյ զինուորական յեղաշրջումին ձախողութիւնը:

kweshra_71716

 

Նոյն տեսակի տօնակատարութիւններ արձանագրուեցան, եւ Էրտողանի զօրակցական կարգախօսներ հնչեցին նաեւ Թրիփոլիի, Պըտտաուիի, Մընիէի, Աքքարի եւ Մաժտալ Այնճարի մէջ:

Նշենք, որ Աքքարի Քուէշրա եւ Այտամուն գիւղաքաղաքներուն մէջ Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին զօրակցական հաւաքներ կազմակերպուեցան, եւ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն` ողջունելու համար Թուրքիոյ մէջ կատարուած յեղաշրջումին ձախողութիւնը:

Սայտայի մէջ, Ժամաա Իսլամիէի կազմակերպութեամբ Սայտայի թրքական հիւանդանոցին դիմաց կատարուեցաւ Թուրքիոյ զօրակցական հաւաք մը, որուն ընթացքին ողջոյնի խօսքեր ուղղուեցան Էրտողանին:

Նշենք, որ Սայտայի Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտի թիկնապահներէն մէկուն եւ Ժամաա Իսլամիէի անդամի մը միջեւ արձանագրուեցաւ բախում մը, որ վերածուեցաւ կրակոցի, երբ Ժամաա Իսլամիէի անդամ երիտասարդ մը Էրտողանի եւ Թուրքիոյ զօրակցելու նպատակով ինքնաշարժի երթ կը կատարէր շէյխ Համմուտի բնակարանին դիմաց:

Բախումը հակակշիռի տակ առնուեցաւ ապահովութեան ուժերուն անմիջական միջամտութեամբ:

saida_71716

 

Նախորդը

Նիսի Աղիտալի Դէպքին Առիթով Մուքպել Կը Ցաւակցի Հոլլանտի Եւ Լոտրիանի

Յաջորդը

Թուրքիոյ Յեղաշրջման Փորձին Ընթացքին Հայեր Չեն Տուժած

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?