
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը, նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Պլոքը յայտնեց, որ Լիբանանն ու շրջանը տակաւին յարձակումի կ՛ենթարկուին շրջանային պետութիւններուն եւ ծանօթ պետութեան մը զօրակցութիւնը վայելող ահաբեկիչ աւազակախումբերու կողմէ:
Պլոքը նկատել տուաւ, որ վայրագ բռնարարքներն ու պայթումները, որոնց թատերաբեմ կ՛ըլլան շարք մը պետութիւններ, ինչպէս նաեւ Քաայի եւ Քարատայի պայթումները այդ սպանդներէն նմուշներ են:
Երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդած պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան սպառնալիքը ամբողջ մարդկութեան դէմ ուղղուած է, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ այդ ահաբեկչութիւնը զինող եւ հովանաւորող պետութիւնները: «Հետեւաբար ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը պէտք է դառնայ բոլոր երկիրներուն առաջնահերթութիւնը», ըսաւ Ֆատլալլա:
Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ յուլիսեան պատերազմի 10-ամեակին առիթով, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը կը վերահաստատէ Դիմադրութեան հանդէպ իր յանձնառութիւնը եւ կը խոնարհի իր մարտիկներուն եւ այդ պատերազմին համար զոհուած հերոս նահատակներուն յիշատակին:
«Մենք կառչած կը մնանք Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռամիասնութեան, որ ռազմավարական տարազ մըն է», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ 2006-ի յաղթանակը աստուածային էր եւ Լիբանանը քանդել փափաքող բոլոր կողմերը յուսախաբ դարձուցած էր, յաղթելով թշնամի Իսրայէլի:
Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք բոլոր լիբանանցիներուն հետ կը հպարտանան այդ յաղթանակով, աւելցնելով, որ հարկ է այդ պատերազմէն տուժած քաղաքացիներուն հատուցումները ամբողջացնել: Այս շրջագիծին մէջ, Ֆատլալլա շեշտեց, որ յուլիսեան պատերազմէն ետք Լիբանանին կատարուած նուիրատուութիւնները արդար եւ թափանցիկ կերպով չբաժնուեցան պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն եւ վնասներ կրած շրջաններուն:
Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ողջունեց քարիւղի թղթածրարին մասին գոյացած ներքին համաձայնութիւնը, յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը կատարեալ զգուշութեամբ կ՛առնէ քարիւղի պեղման ու արտահանման հոլովոյթը գործնականացնելու քայլերը:
Նախագահական ընտրութեան խոչընդոտումին վերաբերեալ կեցուածքի մը ծիրին մէջ, Պլոքը նախագահական թափուր աթոռին պատասխանատու նկատեց Մուսթաքպալ հոսանքն ու Սէուտական Արաբիան:
Պլոքը կոչ ուղղեց լուծելու Լիթանի գետին ապականումին հարցը, շեշտելով միւս կողմէ, որ իրենք ապօրինի համացանցի թղթածրարին պիտի հետեւին մինչեւ հարցին աւարտիլը:


