Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մար Շարպելի տօնին առիթով, նախագահեց Ս. պատարագի մը, որուն ընթացքին ան իր քարոզին ընդմէջէն աղօթեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները օժտուին Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու բարիքներով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ Լիբանանի համար իսկական փրկութիւնը պիտի իրականանայ ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումով:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը պատրաստ է ամէնէն մօտիկ ապագային Շեպաայի հիւանդանոցին մէջ աշխատանքի սկսելու:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ լուսարձակի տակ առաւ իսլամական երկիրներուն կողմէ ծայրայեղական շարժումներուն ֆինանսաւորումը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ հաստատեց, որ նախապատուութիւնը պէտք է տրուի նախագահական ընտրութեան:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ պաղեստինցիներուն եւ լիբանանցիներուն միջեւ գործակցութիւն պէտք է յառաջացնել` ամրապնդելու համար պաղեստինեան գաղթակայաններուն վիճակը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուուք յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին յատկացուած զինեալ օժանդակութիւնը, որ սառեցուած էր, այժմ կը տրամադրուի Հալէպի մէջ սուրիական բանակին դէմ կռուող Ժապհաթ Նուսրային:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ որոշում հոսանքի նախագահ Թալալ Մերեհպի զգուշացուց Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն կացութեան ընթացքին Թաէֆի համաձայնագիրը խախտելէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ այս հանգրուանին արձանագրուած զարգացումները կը յուշեն, թէ յաղթանակը մօտալուտ է: «Հաւատադրժողական ահաբեկչութեան ծրագիրը 90 առ հարիւրով անել կացութեան մատնուած է», ըսաւ ան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը լուրջ շրջանառութեան մէջ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ, հակառակ շրջանին դիմագրաւած ծանր պայմաններուն, Լիբանան տակաւին ապահով է եւ կը շարունակէ տոկալ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Լիբանան իր ապահովական կայունութեամբ եւ տնտեսութեամբ թիրախ կը նկատուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ տարակարծութիւնը պարզապէս ելեւմտական հարցերու մասին տեսակէտներու տարբերութիւն կը նկատուի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին կազմակերպած ընթրիքի երեկոյին ընթացքին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք կ՛ուզեն ունենալ հզօր բանակ մը, որ կը պաշտպանէ Լիբանանը եւ կը դիմադրէ ահաբեկչութեան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական վստահելի աղբիւրներէ, կը գրէ, որ այս տարուան ընթացքին նախագահական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին:

«ՊԱՅԱՆ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան խորհրդարանական աղբիւրներ յայտնած են, թէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի Լիբանան կատարած այցելութեամբ դարձեալ շարժած է նախագահական ընտրութեան «ճահիճ»-ը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, թէ լիբանանեան անձնաւորութիւն մը հանդիպում ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ անոր փոխանցած հետեւեալը. «Միա՛յն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է, որ կրնայ դէպի վարչապետարան վերադառնալու  ուղիդ ապահովել»:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխանական աղբիւրներ յայտնած են, թէ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի կատարուին` 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

«ՇԱՐՔ Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն անջատուած անհատներ նոր հոսանք մը ստեղծելու քայլեր առած են:

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, թէ կարելի չէ գաղթականները ահաբեկիչներ նկատելու սկզբունքով առաջնորդուիլ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Այն Թինէի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի միջեւ հանդիպումին ընթացքին վերջինը ընդգծած է, թէ Ռիատ կը զօրակցի միջլիբանանեան երկխօսութեան եւ լիբանանցիներուն միջեւ փոխըմբռնումի ճամբով երկրին տագնապը լուծելու անհրաժեշտութեան:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Ինտիփենտընթ»-ի. Թուրքիա Մօտիկ Ապագային Պիտի Վկայէ Նոր Յեղաշրջում Մը, Որ Հաստատ Պիտի Յաջողի

Յաջորդը

Իլանի. «Լիբանան Թրքական Նահանգ Մը Չէ, Ուր Ի Նպաստ Էրտողանի Ցոյցեր Կը Կազմակերպուին»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?