Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Իշխանութիւններն Ու Քաղաքական Ուժերը Խստիւ Կը Դատապարտեն Նիսի Սպանդը

Յուլիս 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

14-15 յուլիսի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Նիսի մէջ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով կազմակերպուած տօնախմբութիւններուն ընթացքին բեռնատարի մը կողմէ քաղաքայիններու մեծ բազմութեան մը մէջ մխրճուիլն ու սպանդ գործելու արարքը արժանացաւ լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ քաղաքական ուժերուն դատապարտումին:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` դատապարտելով Նիսի ոճրային արարքը եւ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն ընտանիքներուն:

Պըրրիի ցաւակցագիրին մէջ նշուեցաւ, որ բոլոր երկիրները շրջափակուած են ահաբեկչութեամբ, կոչ ուղղելով միջազգային զօրաշարժի եւ ահաբեկչութեան ու անոր խարիսխներուն դէմ մղուելիք աշխարհամարտի:

Պըրրի կոչ ուղղեց ամբողջ աշխարհին, որ ահաբեկչութիւնը նախ եւ առաջ Արեւելքէն եւ Հիւսիսային Ափրիկէէն արմատախիլ ընեն եւ ապա այլ շրջաններէ:

«Մենք կը զօրակցինք միջազգային ջանքերուն, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ տապալել ահաբեկչութիւնը` երաշխաւորելու համար միջազգային ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը», ըսաւ ան:

Պըրրի ցաւակցական հեռագիրներ յղեց նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժեռար Լարշէի:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ զօրակցական հեռագիր մը յղեց նախագահ Հոլլանտին` ցաւակցութիւն յայտնելով արձանագրուած տասնեակ զոհերու ընտանիքներուն:

Սալամ հաստատեց Լիբանանի զօրակցութիւնը Ֆրանսային, աւելցնելով, որ պատահածը ազատութեան դէմ յարձակում կը նկատուի:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի հետ, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց Ֆրանսան հարուածած ահաբեկչական գործողութեան առիթով: «Մենք վստահ ենք, որ ֆրանսական կամքը յաղթական դուրս պիտի գայ ահաբեկչութեան դէմ մղած իր պայքարէն», ըսաւ Ժեմայէլ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ցաւակցագիր մը յղեց Հոլլանտին, խստիւ դատապարտելով Նիսը հարուածած անարգ սպանդը, որուն զոհ գացին մեծ թիւով քաղաքացիներ:

Հարիրի կոչ ուղղեց բոլոր ջանքերը միացնելու` պայքարելու համար մարդկային ու կրօնական արժէքները խախտող այս ատելութեան եւ բարբարոսութեան դէմ:

Հարիրի նշեց, որ լիբանանցիները, որոնք իրենց կարգին ենթակայ են ահաբեկչութեան, նեցուկ կը կանգնին Ֆրանսային:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց Նիսի սպանդը, որ մարդկային մտքին համար անընդունելի է, ինչպէս նաեւ մերժելի արարք մըն է բոլոր կրօններուն:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց Նիսի ահաւոր ոճիրը եւ կոչ ուղղեց որդեգրելու միջազգային մակարդակի միջոցառումներ` կասեցնելու համար ահաբեկչութիւնը եւ ձերբակալելու ահաբեկիչները:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Նիսը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնող յարձակումը հաստատելով, որ կեանքի կամքը յաղթական դուրս պիտի գայ մութ ուժերուն գործած աւերներէն:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան դատապարտեց Նիսը թիրախ դարձուցած ոճիրը եւ կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան դէմ աւելի ընդարձակ պայքար մղելու: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, ժողովուրդին եւ զոհերուն հարազատներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ դարձնելու աշխատանքը կը յաջողի, եթէ անոր նպաստեն սուրիական, իրաքեան, յորդանանեան եւ ռուսական իշխանութիւնները:

Ան խստիւ դատապարտեց Նիսի դէմ գործուած ահաբեկչական յարձակումը:

Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Նիսի թափանցումը, հաստատելով, որ արեւմտեան երկիրները հասած ահաբեկչութեան այս ալիքները մեր շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ահաբեկչութեան ցնցումներն են:

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի նշեց, որ ահաբեկչութիւնը կը հարուածէ աշխարհի բոլոր անկիւնները, առանց խտրութեան: Ան շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը յաջողած է համաշխարհայնացած կերպով դրսեւորուիլ ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Քազզի խստիւ դատապարտեց Նիսը հարուածող ոճրային արարքը:

Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ դատապարտեց Նիսի անարգ ոճիրը, հաստատելով, որ ամբողջ աշխարհը միասնաբար պէտք է պայքարի եւ գործակցի ի խնդիր ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ պատերազմին:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ Ֆրանսան թիրախ դարձնող ահաբեկչութիւնը նոյն ահաբեկչութիւնն է, որ հարուածած է գրեթէ բոլոր շրջանները:

Ամալ շարժումը իր կարգին դատապարտեց Նիսի ոճիրը եւ կոչ ուղղեց յաւելեալ միասնականութեան` ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու առումով:

Նշենք, որ երիտասարդական կազմակերպութիւնները երէկ երեկոյեան լուռ արշաւ մը կատարեցին Թանգարանի շրջանէն մինչեւ ֆրանսական դեսպանատուն` դատապարտելու համար Նիսի աղէտը:

Իսկ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի որոշումով Լիբանանի մէջ երէկուան եւ այսօրուան փառատօններուն բացումը պիտի կատարուի ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Ֆրանսայի քայլերգով, առ ի զօրակցութիւն Ֆրանսայի ժողովուրդին:

Նախորդը

Պըրրի Հանդիպումներ Ունեցաւ Իրանցի Պատասխանատուներու Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

Սահակ Մելքոնեանի Յիշատակին (Մախֆար Սահակ)

RelatedPosts

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար
Լիբանանեան

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?