
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք համոզուած են, որ Ժաննէի ջրամբարի ծրագիրը պիտի վնասէ Ժպէյլի բնակչութեան, աւելցնելով, որ Ժաննէի ջրամբարի կառուցման ծրագիրը տասնեակ միլիոնաւոր տոլարի փտածութիւն կը պարունակէ:
«Ժաննէի ջրամբարին հարցով, եթէ Ժպէյլի բնակիչները շարժումներու չնախաձեռնեն, մենք ոչինչ կրնանք կատարել իրենց համար», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութեան մէջ քաղաքականութիւն գոյութիւն չունի, աւելցնելով, որ իրենք այս մասին տեղեակ պահած են վարչապետ Թամմամ Սալամը, որ հաստատած է, թէ նախարարաց խորհուրդի նիստերուն ընթացքին կը մերժէ քաղաքականութիւն խօսիլ:
«Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը նախընտրէ լիբանանցիներուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան կողքին պայքարիլ, կառավարութեան մաս կազմելու փոխարէն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրեն համար լաւագոյն օրն այն էր, երբ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կառավարութենէն հրաժարեցաւ:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանէն հրաժարելու իր քայլը փոփոխութիւն մը կարենար յառաջացնել, ապա ինք անվարան կը դիմէր անոր:
Ժեմայէլ ընդգծեց հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Հըզպալլան եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Լիբանանը պատանդի վերածած կը նկատուին` հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը արգելակելով:
Ժեմայէլ նշեց, թէ ինք կը մերժէ, որ բանակի հրամանատար չըլլայ երկրին մէջ` աւելցնելով նաեւ, որ ինք դէմ է բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումին` նախքան նոր մը նշանակելու փորձի:
«Ինծի համար բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յարգելի անձնաւորութիւն մըն է, որովհետեւ ան հիանալի աշխատանք կը տանի», ըսաւ Ժեմայէլ:


