
Լրագրողներու սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան գրաւոր մամուլին դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնց լոյսին տակ Քաաքի մաղթեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը կարենայ օժանդակել գրաւոր մամուլի պահպանումին:
Քաաքի շեշտեց, որ հակառակ ելեկտրոնային մամուլին արձանագրած յառաջդիմութեան եւ գրաւոր մամուլի այլընտրանքը դառնալու իրականութեան, գրաւոր մամուլը իր մահկանացուն պիտի չկնքէ:


