
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Զայետ լուսարձակի տակ առաւ աշխարհին վկայած ահաբեկչական արարքները` հաստատելով, որ անոնք ոչ մէկ կապ ունին իսլամութեան հետ:
Զայետ ընդգծեց այդ ահաբեկչութեան դէմ հաւաքական պայքար մղելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս տեղեկութիւններու փոխանակման առումով:
Զայետ շեշտեց, որ Արեւմուտքի երիտասարդութեան մտայնութիւնը պէտք է փրկել ծայրայեղական միտքերէն ու գաղափարներէն, որովհետեւ անոնք վնաս կը հասցնեն արաբներուն եւ իսլամներուն: «Ժամանակն է արդէն, որ այս երեւոյթներուն լրջօրէն դիմադրենք», ըսաւ ան:


