Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէի Մէջ. «Կը Մնամ Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածու, Սակայն Միաժամանակ Ազգային Ոչ Մէկ Համաձայնութիւն Կը Խոչընդոտեմ» Յայտնեց Ֆրենժիէ

July 30, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_frenjie_72916

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը յետս կոչելու մասին կատարուած բոլոր յայտարարութիւնները անճիշդ են` աւելցնելով, որ ինք կը մնայ նախագահական ընտրութեան թեկնածու, այնքան ատեն որ զօրակցութիւն կը վայելէ:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է: «Այնքան ատեն որ ինծի զօրակցող կայ, ես կը շարունակեմ մնալ թեկնածու, սակայն միաժամանակ ազգային ոչ մէկ համաձայնութիւն կը խոչընդոտեմ», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իր դաշնակիցները, այսինքն` Պըրրի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, իրմէ պիտի չխնդրեն իր թեկնածութիւնը յետս կոչել, «ոչ ոք կամ ոչ մէկ խուսանաւում զիս կը մղէ նման քայլի դիմելու, բացի ազգային համախոհութենէն», շեշտեց ան:

Ֆրենժիէ ըսաւ նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է շարք մը այլ հարցեր, որոնց շուրջ հարիւր առ հարիւր համակարծիք եղած են:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ Պըրրիի հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային մարզերուն պարզած իրավիճակը:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք տակաւին յոյս ունի, որ երկխօսութեան եռօրեայ նիստերուն ընթացքին կարելի ըլլայ քաղաքական տարակարծութիւններուն լուծումներ գտնել: Ան զարմանք յայտնեց ոմանց կատարած յոռետես այն յայտարարութիւններուն գծով, թէ երկխօսութեան եռօրեայ նիստերը ապարդիւն դուրս պիտի գան:

Խորհրդարանի նախագահը զարմանք յայտնեց նաեւ այն յայտարարութիւններուն համար, որոնք կասկածի տակ կ՛առնեն երկխօսութեան արձանագրելէ յաջողութեան հաւանականութիւնը:

Պըրրի շեշտեց, որ երկխօսութեան նկատմամբ կանխաւ վճիռ արձակելը սխալ է:

 

 

Նախորդը

Հիւսէյն Եուսեֆ Կոչ Կ՛ուղղէ Մասնակցելու Առեւանգուած Բանակայիններուն Զօրակցութեան Հաւաքին

Յաջորդը

Ռապիէի Մէջ. «Հանրապետութեան Յաջորդ Նախագահը Պէտք Է Քրիստոնեայ Բազկերակի Իսկական Ներկայացուցիչը Ըլլայ» Շեշտեց Քազզի

RelatedPosts

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ  Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

October 12, 2026
«Հըզպալլան Իրանէն  200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ»  Կ՛ըսէ Փիկըթ
Լիբանանեան

«Հըզպալլան Իրանէն 200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ» Կ՛ըսէ Փիկըթ

October 12, 2026
«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան  Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ,  Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ  Իսկական Տեղ Ունենան»  Կ՛ըսէ Պայրագտարեան
Լիբանանեան

«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ, Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ Իսկական Տեղ Ունենան» Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.