
«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի պատասխանատուներէն Նեհմաթ Պատրէտտին երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց քաղաքացիական ընկերութեան բոլոր թեւերուն վերադառնալու փողոց` հիմնական կարգախօս ընտրելով «Համամասնական դրութիւնը զիս կը ներկայացնէ» խօսքը:
Պատրէտտին Քաղաքացիական ընկերութեան անդամ բոլոր արշաւներն ու բոլոր լիբանանցիները հրաւիրեց այսօր տեղի ունենալիք ցոյցին, որ պիտի սկսի Պարպիրի հրապարակէն` հասնելով մինչեւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ:
Պատրէտտին շեշտեց, որ փողոց վերադարձը անհրաժեշտ է, որովհետեւ այսօրուան պայքարը երեսփոխանական ընտրութեան օրէնքի պայքար է, այսինքն` իշխանութեան վերադասաւորման պայքար, որուն կարիքը ունին թէ՛ Լիբանանը, թէ՛ լիբանանցիները:
Պատրէտտին շեշտեց, որ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքը առիթը կու տայ, որ պայքարը փողոցէն փոխադրուի հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմի կու տայ իր իսկական ներկայացուցչութիւնը, «հետեւաբար երկիրը 7 քաղաքական անձնաւորութիւններու իշխանութեան տակ մնալէ կը դադրի», նշեց ան:
Պատրէտտին հաստատեց նաեւ 1960-ի ընտրական օրէնքը կտրականապէս մերժելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ փոփոխութիւն յառաջացնել երկրին մէջ:


