Կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, երէկ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, նուիրուած` Դիմադրութեան պատասխանատուներէն Իսմայէլ Զահրիի (Ապու Խալիլ) նահատակութեան:
Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ 1982-էն ի վեր Հըզպալլայի անդամակցած Զահրի յուլիսեան պատերազմի հիմնական ղեկավարներէն էր, հետեւաբար նաեւ յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակի հիմնական կերտիչներէն:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ շրջանային իրավիճակին` շեշտելով, որ անիկա շատ վատ վիճակի մէջ կը գտնուի, «իսկ վատագոյն զարգացումը Սէուտական Արաբիա-Իսրայէլ գաղտնի յարաբերութիւնները բացայայտ յարաբերութիւններու մակարդակի վերածելն է», ըսաւ ան:
Ան խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ բացայայտ յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կրօնական հրահանգները եւս կը տրուին այդ հիման վրայ:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ եմէնցիներուն դէմ սպանդ կը գործուի սէուտական հովանաւորութեամբ, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ անոնք իրենց անունները փոխեն, սէուտական, ուահապական, ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի մշակոյթը կը մնայ մորթելու մշակոյթը:
Ան նշեց, որ Հալէպի մէջ վերջերս արձանագրուած զարգացումներուն կարեւորութիւնը կը կայանայ շրջանային մակարդակով ծրագիրներ ձախողեցնելու եւ կայսրութիւններ տապալելու մէջ: Ան ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիոյ ծրագիրը ենթակայ է ձախողութեան` կոչ ուղղելով Սէուտական Արաբիոյ բանակցելու Եմէնի, Պահրէյնի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ, այլապէս շրջանին մէջ անոնք պիտի պարտուին:
Լիբանանեան առումով սէյիտ Նասրալլա կառավարութենէն պահանջեց տէր դառնալ Ղաժար գիւղաքաղաքին եւ յստակ կեցուածք մը ունենալ հոն կատարուող իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն մասին: «Ղաժար գիւղաքաղաքը ՄԱԿ-ի եւ Իսրայէլի իսկ կողմէ ճանչցուած է իբրեւ լիբանանեան հող, հետեւաբար կառավարութիւնը հրաւիրուած է այս մասին իր խօսքը ունենալու», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան նաեւ աւելի աշխուժ դառնալու եւ լուծելու շարք մը հարցեր, որոնք հրատապ են, ինչպէս` Լիթանի գետին ապականումին վերջ տալը եւ ապօրինի համացանցի հարցին արդար լուծումը:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան պարագային կառավարութիւնը պէտք է աւելի աշխուժ կերպով լուծէ այս հարցերը:
Սաատ Հարիրի. «Սէուտական Արաբիա Զարդարուն Թագ Է»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ պատասխանեց սէյիտ Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն` նշելով, որ ոմանք հմուտ են ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելու եւ իրենց գործած մեղքերը ուրիշին վերագրելու արուեստին:
Ան ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա բարիքներով լի եւ զարդարուն թագ մըն է արաբ ժողովուրդին պատմութեան մէջ, ինչպէս նաեւ մնայուն պաշտպանը` արաբական եւ իսլամական դատերուն:
«Սէուտական Արաբիոյ դէմ ոմանց մղած պայքարը ներկայիս եւ պատմութեան մէջ սեւ էջ մը կը նկատուի, եւ անիկա կը կատարուի աշխարհին մէջ սադրանքներ եւ պատերազմներ բռնկեցնելու մարմաջը ունեցող մշակոյթի տէր մարդոց կողմէ: Ո՛վ որ իր ձեռքը Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի, Պահրէյնի, Քուէյթի եւ Լիբանանի մէջ արաբներուն արիւնին թաթխած է, իրաւունք չունի Սէուտական Արաբիոյ, անոր ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին դէմ չարախօսութեան ամպիոններ բարձրանալու: Ո՛վ որ ինքնիրեն եւ իր զինեալներուն կ՛արտօնէ Իրանի խաղալիքը դառնալ եւ արաբական ընկերութեան մէջ սադրանքներ հրահրել, անպարտ պիտի չհռչակուի, որքան որ ալ հմուտ կերպով կատարէ քաղաքական կեղծիքը», շեշտեց Հարիրի: