
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Պլոքը յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող անորոշութիւնն ու քաոսը կը մղեն քաղաքացիները շփոթի մատնուելու, հետեւաբար կառավարութիւնը պէտք է աշխուժացնէ իր գործունէութիւնն ու ընթացքը եւ երկրին քաղաքական կեանքը վերաշխուժացնէ` Թաէֆի համաձայնագիրին եւ սահմանադրութեան հիման վրայ:
Պլոքը մաղթեց, որ օգոստոսի սկիզբը գումարուելիք ազգային երկխօսութիւնը ըլլայ արդիւնաբեր` հաստատելով, որ երկխօսութիւնը ազգային առիթ մըն է` Լիբանանի յանձնառու բոլոր պատասխանատուներուն համար:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի հետ բարեկամական բոլոր կապերը, յատկապէս սէուտական վարչակարգին կողմէ նախաձեռնուող:


