ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան բանակը շնորհաւորեց անոր տօնին առիթով. ան կոչ ուղղեց բանակին նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն տրամադրելու, ինչպէս նաեւ կամաւոր զինուորական ծառայութեան մասնակցելու առիթ ընծայելու:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը դարձեալ երկարաձգելը աններելի ոճիր մըն է` աւելցնելով, որ եթէ կարելի չըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, ապա քաղաքացիական շարժումը հսկայ քայլերու պիտի դիմէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական կամ երեսփոխանական ընտրութիւններ կարելի պիտի չըլլայ կատարել, որովհետեւ Հըզպալլա այդպէս կը փափաքի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ ոմանք լիբանանցիներուն կը պարտադրեն բռնի ուժով հանրապետութեան նախագահ նշանակել:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ներքին երկխօսութիւնը արտաքին տագնապներէ դուրս բերելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկրին կացութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ յառաջդիմութիւններ արձանագրուած են, այն աստիճան, որ կարելի է ըսել, թէ յաղթանակի դրօշը սկսած է ծածանիլ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան միակ լուրջ թեկնածուն է, եւ անոր ընտրութեան բանալին Մուսթաքպալ հոսանքին մօտ կը գտնուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ երկրին համար ոսկեայ եռեակը կը կայանայ «Ժողովուրդ, բանակ, սահմանադրական հաստատութիւններ» սահմանումին մէջ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Ղաժար գիւղաքաղաքին նկատմամբ Իսրայէլի ախորժակը ցոյց կու տայ յարձակողական ըլլալու անոր բնաւորութիւնը:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ երկիրը կարելի է պահել իր բոլոր համայնքներով, յարանուանութիւններով եւ շրջաններով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան մասին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի յայտարարութիւնները քաղաքական վերլուծումներ են:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը բնական է` նկատի ունենալով, որ ան լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամեր Սաատէ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին մշակել ընտրական արդիական օրէնք մը, որուն հիման վրայ երկրին վարչակարգը կը բարեկարգուի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծումը կը սկսի համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը նախագահ ընտրելով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ կատարուած անուանափոխումը Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակին առումով նոր փաստ մըն է:
ՊԱԱԼՊԵՔ – Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր երէկ մեկնարկը կատարեց Թըպնինէն Պաալպեք երկարող շրջաններուն մէջ գտնուող կուսակցական բոլոր որմազդներն ու լոզունգները վերցնելու արշաւին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան պատասխանատու Սերժ Տաղեր շեշտեց, որ Հըզպալլա չի փափաքիր նախագահական ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ ան կախեալ է Սուրիոյ մէջ արձանագրուելիք զարգացումներէն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ մաղթեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հաւանականութիւնը չեղեալ նկատուի:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Սուրիոյ պետութեան հետ իրանեան-ռուսական համաձայնութիւնը արագացուցած է Հալէպի շրջափակումը` աւելցնելով, որ այդ մէկը անկարելի պիտի ըլլար, եթէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ ներքին հարցերով տարուած չըլլար: «Մուսուլին եւ Հալէպին տիրելու եւ այդ շրջաններուն մէջ Օսմանեան կայսրութեան փառքերը վերահաստատելու թրքական երազը վերջ գտած է», ըսաւ ան:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կրնայ կարգ մը քաղաքական ղեկավարութիւններու հետ գործակցիլ` վերջ տալու համար նախագահական աթոռի թափուր կացութեան:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, հաւանական է, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի յառաջիկայ շաբաթներուն համաձայն գտնուի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութեան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կ՛ուղղուի դէպի պայքար` բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին ընդդիմանալու առումով: Կը նախատեսուի, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները կառավարութեան նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեն:


