Անցեալ շաբաթավերջին, Մուխթարայի մէջ նշուեցաւ Լեռնալիբանանի հաշտութեան 15-ամեակը` նախաձեռնութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի:
Այս առիթով Ժոմպլաթ նախաձեռնած էր վերանորոգել Մուխթարայի Սայիտաթ Տոր եկեղեցին, որուն բացման արարողութիւնը կատարեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:
4 օգոստոս 2001-ին Ժոմպլաթի եւ մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրի կողմէ Լեռնալիբանանի մէջ գոյացած հաշտութեան առիթով կազմակերպուած յատուկ ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, նախարար Աքրամ Շեհայէպ, վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, նախարար Միշել Ֆարաոն, հանրապետութեան նախկին նախագահներ զօր. Միշել Սլէյման եւ Ամին Ժեմայէլ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Ուալիտ Տաուք, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Նաժի Ղարիոս, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի անձնական նախագահ, երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայացուցիչ Փիեռ Պաաքլինի, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտ, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ եւ շարք մը այլ պատասխանատուներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ զինուորականներ:
Եկեղեցւոյ բացման արարողութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Մուխթարայի Սայտէ եկեղեցւոյ վերանորոգութեամբ Ուալիտ Ժոմպլաթ շարունակած է Պաշիր Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը` նկատի ունենալով, որ վերջինս այդ եկեղեցին կառուցած էր ի պատիւ Խազեն ընտանիքի շէյխերուն, որպէսզի անոնք կարենային կիրակի օրուան պատարագը հոն կատարել:
Ռայի պատրիարքը իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժոմպաթի նախաձեռնութեան համար` հաստատելով, որ անհրաժեշտ է հաշտութեան ընթացքը շարունակել, որպէսզի Լեռնալիբանանը կենսունակ դառնայ: «Լեռնալիբանանի պատերազմին օրերը անվերադարձ անցած են, եւ Լիբանանի ապահովութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը կը պահպանուին Լեռնալիբանանի բոլոր բնակիչներուն գոյակցութեամբ», ըսաւ ան` բոլոր ներկաներուն փոխանցելով Սֆէյր պատրիարքին ողջոյնը:
Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ հաշտութեան այդ մթնոլորտը շարունակուի եւ ներառէ նաեւ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել լիբանանեան պետութիւնը` սկսելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն:
Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց պետական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքին սառեցումը, նշանակումներուն կասեցումը եւ քաղաքացիներուն կրած տանջանքը, աղքատութիւնը, ինչպէս նաեւ արտագաղթը:
Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այլ հարցեր քննարկել նախքան նախագահական ընտրութիւնը` մաղթելով, որ ամէն մարդ հրաժարի անձնական շահերէն եւ ուղղուի դէպի ազգային ամբողջական հաշտութիւն:
Իր կարգին, Ժոմպլաթ յոյս յայտնեց, որ այս եկեղեցւոյ վերանորոգումով Լիբանան յաջորդող օրերուն ունենայ հանրապետութեան նախագահ մը, որպէսզի Լիբանանը փրկուի փոթորիկներէն եւ կարելի ըլլայ լուծել երկրին քաղաքական տագնապը:
«Այն շրջանին, երբ ամբողջ Միջին Արեւելքը հրդեհի մէջ է, Լիբանան շրջանցած է ահաբեկչութիւնը եւ կը ծառայէ իբրեւ բազմազանութեան լաւագոյն օրինակ», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով բոլորին Լիբանանը պահպանելու` անձնական շահերէ զերծ մնալով: