Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ երեկոյեան բուռն կերպով ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն կեդրոնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի Թրիփոլիի Սալամ եւ Թաքուա մզկիթներուն պայթումներուն Գ. տարելիցին առիթով հաստատեց, որ այդ ոճիրները գործող կողմերը յստակ են եւ յայտնի` աւելցնելով, որ յանցագործները երբեք չեն կրնար խուսափիլ իրենց պատիժէն:

Ան շեշտեց, որ արդարութեան սուրը պիտի հալածէ ոճրագործները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ երբ երկրին հիմնահարցերը լուծելու ժամը հասնի, Ազգային երկխօսութեան նիստը պիտի ըլլայ այդ հարցերուն լուծման հիմնական անցքը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սուէյտ Շամիսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Շամիսի շեշտեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կ՛ենթադրէ, որ պատասխանատուները շրջանցեն իրենց տարակարծութիւնները:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս Լիբանանի մէջ Քաթարեան կարմիր մահիկի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հոգատարութեան համար հիմնադրամ մը հաստատելու:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ Ապտել Մենեմ Եուսեֆի փոխանորդ մը նշանակելու իմաստով լուրջ աշխատանք սկսած է:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի հաստատեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուած հաղորդակցութեան միջոցներու թղթածրարին առումով իրենք բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու նուազուրդին չեն անդրադարձած:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ալի Քանսօ վերընտրուած է իբրեւ Ղովմի կուսակցութեան նախագահ: Ան հաստատեց, որ իրենց համար ամէնէն կարեւորը պիտի ըլլայ Ղովմի կուսակցութեան դերակատարութեան ամրապնդումը` Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական աւազակախումբերուն դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի անհրաժեշտ նկատեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը յանգի լուծումի մը. ան աւելցուց սակայն, որ ազգային երկխօսութիւնը խորհրդարանին այլընտրանք կարելի չէ նկատել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ բանակն ու ապահովական կառոյցները ազգային երաշխիք են ու պաշտպանութիւն: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի մէջ գործադրուի հաւասարակշռուած բարգաւաճումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին կատարուած են լուրջ խորհրդակցութիւններ, որոնք սակայն ապարդիւն են, որովհետեւ լուծում մը գտնելու կամք գոյութիւն չունի: Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով գնդակը կը գտնուի Մուսթաքպալ հոսանքին դաշտին մէջ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին նպատակն է ժամանակ կորսնցնել` աւելցնելով, որ լիբանանցի ժողովուրդը պատասխանատու է ելեկտրականութեան թղթածրարին առումով արձանագրուած բացթողումներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ լիբանանեան Ազգային ծերակոյտը պիտի ստեղծուի համայնքները ապահով պահելու, իսկ խորհրդարանը պիտի ընտրուի լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ապահովութեան համար:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուութեան հարցերու ներկայացուցիչ Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան եւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու պայմանները տակաւին չեն հասունցած:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը նախագահական ընտրութեան եւ երկրին քաղաքական տագնապին լուծման հիմնական մուտքն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան արդիւնաւէտ ըլլալուն համար պէտք է անդրադառնալ նաեւ ապօրինի զէնքի թղթածրարին:

ԱԶԳԱՅԻՆ Ազատականներու կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդը շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան խոչընդոտումը լիբանանեան պետութիւնն ու գոյացութիւնը թիրախ կը դարձնէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ եթէ նախագահական ընտրութեան եւ ընտրական օրէնքին հարցը չլուծուի, ապա երկխօսութիւնը ոչ մէկ օգուտ ունի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ժաուատ Խալիֆէ յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցը երկրին միակ աշխուժ հաստատութիւնն է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը երկրին ապահովական կայունութեան խախտում է:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու (Մուրապիթուն) շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան կոչ ուղղեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին, նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուրին եւ Աքրամ Շեհայէպին, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Մարուան Համատէին հրաժարելու իրենց անձեռնմխելիութենէն եւ ներկայանալու նիւթական հետաքննութեան, նախքան Ապտել Մենեմ Եուսեֆի դէմ հալածանքի մը սկսելու:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ գիշեր Պընթ Ժպէյլի մէջ լսուած են ձայներ, որոնք հետեւանք էին իսրայէլեան հողերուն մէջ կատարուող ռազմափորձերու: Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր թռիչքներ գործեցին Հասպայայի, Արքուպի, Հարամունի եւ Ժապալ Շէյխի վերեւ, իսկ իսրայէլեան ուժերու շրջուն ջոկատներ խստացուցին իրենց հսկողութիւնը Ուազզանի – Ղաժար -Ապպասիէ սահմանագիծին մօտակայքը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին կատարուած խորհրդակցութիւնները փաստած են իւրաքանչիւր քաղաքական կողմի կառչածութիւնը` իր նախկին կեցուածքներուն:

 

Նախորդը

«Պաքուի Եւ Թեհրանի Միջեւ Յարաբերութիւնները Կը Զարգանան Արագ Կշռոյթով» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

«Առանց Ընդհանուր Համաձայնութեան Գոյացումին, Նախագահական Ընտրութիւն Կարելի Չէ Կատարել» Շեշտեց Ուահապ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?