Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որ շնորհաւորեց բանակի հրամանատարը` բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ զօր. Սլէյման բարձր գնահատեց բանակին իրագործած նուաճումները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ մղած անոր պայքարին իմաստով:
Զօր. Սլէյման դրուատեց նաեւ բանակին զոհողութիւնները` երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւէ զգայուն պայմաններ: