Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրին հետ եւ անոր յայտնեց, թէ Լեռնալիբանանի մէջ հաշտութիւն գոյացնելու ճամբան բացուած է իրմով եւ այդ հաշտութեան 15-ամեակին առիթով ինք ներկայ պիտի ըլլայ այդ հաշտութեան վերահաստատման ձեռնարկին:
«2001-ին Լեռնալիբանանի մէջ հաշտութիւն գոյացնելու նախաձեռնութիւնը քուկդ էր, իսկ վաղը Լիբանանն ու Լեռնալիբանանը պիտի ըլլան քու հովանիիդ տակ, ու մեզի հետ ներկայ պիտի ըլլաս, ինչպէս էր պարագան 15 տարի առաջ», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ Մուխթարայի մէջ այսօրուան ձեռնարկին նպատակն է վերահաստատել լիբանանցիներուն միջեւ հաշտութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ, Ռայէս ողջունեց Սֆէյր եւ Պշարա Ռայի պատրիարքները: