Հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սեփական հիւանդանոցները անկարող են շարունակելու իրենց աշխատանքը` նկատի ունենալով առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ իրենց կատարուելիք նիւթական պարտաւորութիւնները:
Ան դիտել տուաւ, որ եթէ կարելի չըլլայ հիւանդանոցներուն նկատմամբ նիւթական պարտաւորութիւնները կատարել, ապա անոնք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու:
Հարուն շեշտեց, որ կառավարական հիւանդանոցներուն նախապատուութիւն տալը խտրութիւն է անձնական հիւանդանոցներուն հաշուոյն եւ իբրեւ այդպիսին անիկա մերժելի քայլ մըն է: