Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ քաղաքական բարեկարգումի սկիզբը նախագահական ընտրութիւնն է, որպէսզի երեսփոխանները երկրին օրէնքին հիման վրայ կատարեն իրենց պարտականութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը քառակուսի համաձայնութեամբ մը ընտրելը անոր օրինական դերակատարութեան թերագնահատումն է, հետեւաբար կը կաշկանդէ զայն Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պաշտպանելու առումով:
Ժողովէն բխած հաղորդագրութեան մը մէջ ողջոյնի խօսք ուղղուեցաւ 7 օգոստոսի դէպքերը վկայած սերունդին` ընդգծելով, որ այդ թուականը կը խորհրդանշէ ուսանողական եւ երիտասարդական դիմադրութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց երիտասարդութեան մերժելու կատարուած իրողութիւնը, վերջ տալու նախագահական թափուր աթոռի դրութեան, արգիլելու խորհրդարանի պաշտօնավարութեան այլ երկարաձգում մը եւ ի յայտ բերելու քաղաքական դասակարգ մը, որ Լիբանանը կ՛ուղղէ դէպի արդի եւ հզօր պետութիւն: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ընդգծեց սահմանամերձ շրջանները մոռացութեան ենթարկելու երեւոյթին անընդունելի ըլլալը:
Կուսակցութիւնը պահանջեց կասեցնել նախարարութիւններուն եւ Վերաշինութեան ու բարեկարգումի խորհուրդի բոլոր նուազուրդները եւ զանոնք դարձնել նուազուրդներու յատուկ խորհուրդին սեփականութիւնը: