Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ Քրիսթիան Քամերմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի տրամադրութեան տակ կը գտնուի եւ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգին մաս չի կազմեր:
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ ինք գաղափար չունի, թէ Մուքպել այդ իմաստով ի՛նչ որոշում պիտի տայ: «Անցեալ նիստին ընթացքին Մուքպել շարք մը անուններ առաջարկեց, սակայն տակաւին չեմ հանդիպած անոր հետ, որպէսզի իմանամ նորութիւններու մասին: Ամէն պարագայի, Մուքպել իր խորհրդակցութիւնները կը շարունակէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով բանակի սպայակոյտի պետի նշանակումին` վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ անոր պարագային ամէն բան յստակ է եւ պէտք է անպայման նոր պետ մը նշանակել: