
Լիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց բուռն կերպով ռմբակոծել Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը:
Միւս կողմէ, պաղեստինցի Մոհամետ Մ., ծանօթ` Թաննուս կեղծանունով, երէկ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի մուտքին անձնատուր եղաւ լիբանանեան բանակին: Թաննուս յայտնեց, որ ինք Ժապհաթ Նուսրային անդամակցած է:
Բանակին անձնատուր եղաւ նաեւ Այն Հելուէ ապաստանած Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն Ահմետ Հ.ն, ինչպէս նաեւ պաղեստինցիներ Իպրահիմ Հ.ն եւ Ուիսամ Հ.ն:


