Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի Այցելեց Մերժահիուն` Հաստատելով Լիբանանի Կառչածութիւնը` Թիւ 1701 Բանաձեւին

August 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

jean_kahwaji_81816

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց Ժտայտեթ Մերժահիունի «Ֆրանսուա Հաժ» զօրանոցը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի Թ. վաշտի պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Ժոզեֆ Աունի եւ կարգ մը սպաներու հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի շրջանին մասին տեղեկութիւններ ստացաւ պատասխանատուներէն եւ մեկնեցաւ:

Զօր. Քահուաժի, որ զինուորական ուղղաթիռով մը կը շրջագայէր, այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանան եւ այցելեց բանակին զօրանոցները` հաստատելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

Զօր. Քահուաժի հարաւի մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը իր բոլոր կարողութիւններով պիտի դիմադրէ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի` անդրադառնալով 1948-ին լիբանանեան բանակին եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ արձանագրուած Մալիքիէի ճակատամարտին:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն` Ժապալ Սատտանէի մօտակայքը փորելով զինուորական ճամբայ մը:

Այս իրականութեան դիմաց լիբանանեան բանակը Մազարեհ Շեպաայի սահմանամերձ շրջանին մէջ պատրաստ վիճակ յայտարարեց, իսկ բանակին հրամանատարութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութեան ներկայացուց բողոքագիր մը` ՖԻՆԻՒԼ-էն պահանջելով կասեցնել լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան ուժերուն ոտնձգութիւնները:

Պէտք է նշել, որ բանակը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին բուռն կերպով ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը:

Իսկ պաղեստինցի Ալի Հաժ, որ ծանօթ է Ալի Քլէյ անունով, երէկ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մօտակայքը անձնատուր եղաւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան:

 

 

Նախորդը

Ահմետ Հարիրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Թրքական Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Ղեկավարութեան Հետ

Յաջորդը

Պըրրի Քաակի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.