ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի վարչական եւ արդարութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան եւ ներքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան կապուած օրինագիծերը քննարկելու երեքշաբթի, 23 օգոստոսին:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ զինուորական պատասխանատուներուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը հետեւանք է նախագահական թափուր աթոռի կացութեան շարունակութեան:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր թղթածրարներուն լուծման պարագային կ՛արձանագրուին յապաղումներ` լիբանանեան պետութեան տկարութեան պատճառով:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան պարագային կարելի չէ ղեկավար դիրքերու վրայ պաշտօնեաներ նշանակել:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերու շահերուն կը ծառայէ, որ կառավարութիւնը տագնապ մը չանցընէ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ կառավարութիւնը երկու շաբթուան արձակուրդ մը պիտի առնէ` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ հինգշաբթի, 25 օգոստոս 2016-ին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ զինուորական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումին դէմ մագլցողական քայլեր կրնան առնուիլ յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ ընտրական ոչ մէկ օրէնք կարելի է վաւերացնել` առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ շեշտեց, որ ամերիկացիք, իսրայէլացիք եւ եւրոպացիք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն արաբական գոյացութիւնը քանդելու իմաստով:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց պատմական համաձայնութիւն մը յաջողցնելու` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ընտրելով հանրապետութեան նախագահ, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրին նշանակելով վարչապետ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր յայտնեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած բախումներուն վերջ տալէ առաջ կարելի չէ շրջանին մէջ բան մը փոխել:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս հաստատեց, որ պատրիարքութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նախագահական թափուր աթոռին կացութեան վերջ տալու նպատակով:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը աւելի եւս կը բարդանայ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը անել կացութեան մատնուած է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կը միտի իր հրաժարականը ներկայացնել:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիին փոխանցած է, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրել:


