Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին այցելեց Մարոնի միաբանութեան Ղազիրի հոգեւոր կեդրոնը, ուր շնորհաւորեց հայր Նաամթալլա Հաշեմը` միաբանութեան աբբահայր ընտրուելուն առիթով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուութեան եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան միակ լուծումը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է, եւ կամ պէտք է սպասել տարբեր պայմաններու գոյութեան:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած ժամկէտին կատարելու` վերականգնելու համար երկրին քաղաքական կեանքը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը ապառողջ է` աւելցնելով սակայն, որ երկրին մէջ տիրող ապահովութիւնը զարմանալի է:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ հաստատեց իր համոզումը, թէ նախագահական ընտրութիւնը տեղական որոշում չէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն օգտագործելու ազգային երկխօսութեան առիթը` լուծելու համար երկիրը յուզող քաղաքական տագնապները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի դրական վարուելակերպ կը ցուցաբերէ` համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Նապաթիէի եւ հարաւային Լիբանանի բնակիչները կերտած են մայիսեան եւ յուլիսեան յաղթանակները` շեշտելով, որ անոնք ազատութեան ռահվիրաներն են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլան շեշտեց, որ ինչքա՛ն ալ դժուարութիւնները եւ դաւադրութիւնները բազմանան, Շեպաան պիտի մնայ լիբանանեան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ ժողովուրդին կամքը արտացոլացնող ազգային որոշում ունենայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հաւանականութիւնը կարելի պիտի չըլլայ ապահովել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ վերջերս հնչած կեցուածքները հարցերը վերադարձուցին զերօ կէտին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը համաձայն է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վերընտրուի նոյն պաշտօնին համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ արդարութիւն իրականացնել` բացի Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեամբ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն շեշտեց, որ քրիստոնեայ հսկայ պլոքները պէտք է համաձայնութիւն գոյացնեն քննարկումի ենթակայ ընտրական օրէնքի մը շուրջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ ինք երբեք չի վստահիր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի խօսքերուն` աւելցնելով նաեւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելը համազօր է անձնասպանութեան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթները Լիբանանի համար պիտի ըլլան անկիւնադարձային` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մագլցողական քայլերու դիմելու նպատակներ ունի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւններ չկան` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ երկխօսութեան մասին տեղեկութիւնները օդին մէջ նիւթեր են:

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժերը երէկ կէսօրէ ետք ստուգեցին «Զէյթունա Պէյ»-ի մօտ կանգնած «Փէօժօ» տիպի ինքնաշարժ մը, որուն ականուած ըլլալուն շուրջ կասկածներ կային: Ստուգումներէն ետք անոնք հաստատեցին, որ ինքնաշարժը ականուած չէ:

ՇԱԲԱԹ երեկոյեան Թրիփոլիի Մինա շրջանին մէջ անծանօթներ նետեցին ձայնային ռումբ մը, որ պատճառեց նիւթական վնասներ:

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց Թուրքիա-Իսրայէլ Յարաբերութիւններու Նականոնացման Համաձայնութիւնը

Յաջորդը

Ֆայսալ Քարամէ. «Նախագահական Ընտրութեան Գնդակը Զօր. Աունի Եւ Ֆրենժիէի Դաշտին Մէջ Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?