
Հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ իսրայէլեան ուժերուն գործած մնայուն ոտնձգութիւններուն դէմ իբրեւ բողոք, երէկ Շեպաայի մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն մասնակցեցան Շեպաայի եւ Արքուպի բնակիչները, որոնց միացաւ նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ:
Ցուցարարները բողոքեցին Շեպաայի հարաւային մասին մէջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ զինուորական ճամբայ մը փորելու աշխատանքներուն դէմ. անոնք Շեպաայի սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ զետեղեցին լիբանանեան դրօշակը` հաստատելով, որ այդ հողը լիբանանեան է:
Հաշեմ խստիւ դատապարտեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնները` հաստատելով, որ այդ հողերը կ՛ազատագրուին միայն լիբանանցի ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան կամքով, ինչպէս պատահած էր 2000-ին եւ 2006-ին:
Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պահանջեց ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի դեսպանէն բողոքի նամակ մը յղել իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն դէմ եւ զայն յանձնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:
Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ուղղուեցաւ Նաքուրա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանային Կապոյտ գիծին խախտումները` ընդգծելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը:
Իպրահիմ յաջողութիւն մաղթեց զօր. Պերրիի` անոր յանձնելով յուշանուէր մը:


