Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Հնդկաստանի արտաքին հարցերու պետական նախարար Մապշար Աքպարը, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Անիթա Նայարի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հնդկաստանի միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: