
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը, որուն հետ քննարկեց երկրագործութեան նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս` խնձորի բերքը արտածելու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ:
Շեհայէպ զօր. Աունի հետ քննարկեց նաեւ Այն Տարայի քարահանքերուն թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ զօր. Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը զօրակցի Այն Տարայի բնակչութեան:
Շեհայէպ զօր. Աունի հետ քննարկեց նաեւ աղբի թղթածրարը` շեշտելով, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը ժամանակաւոր լուծում է եւ ոչ թէ վերջնական: «Այդ վայրն է միակ կարելի լուծումը, երբ աղբի թղթածրարի լուծման ծրագիրն ու աղբը արտածելու կարելիութիւնները կը մերժուին», ըսաւ ան:
Շեհայէպ նշեց, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի աշխատանքներուն կասեցումը պիտի վնասէ կապալառուին, որ աշխատանքի յստակ ժամկէտ ունի: «Այս իմաստով մենք ըսելիք ունինք, սակայն կարեւորը այն է, որ աղբերը դարձեալ փողոցներուն մէջ չդիզուին», յայտնեց ան:
Շեհայէպ դիտել տուաւ, որ իրենք պատրաստ են բոլորին` նոյնիսկ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը մերժող կողմերուն հետ խորհրդակցելու, աւելցնելով, որ իբրեւ յանձնախումբ մօտիկ ապագային պիտի հրաւիրեն մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին քաղաքական լարուածութեան անդրադարձ պիտի չկատարուի:
«Մենք Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ հարց չունինք եւ ոչ ալ կ՛ուզենք ունենալ: Հարցը յստակ է, կա՛մ այն է, որ աղբերը դարձեալ կ՛ողողեն փողոցները, կա՛մ ալ քառամեայ ժամանակաւոր այս լուծումը կը գործադրուի», ըսաւ ան:


