Երէկ Լիբանանի քաղաքական, կուսակցական, հոգեւոր եւ պաշտօնական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առանցքը կազմեցին կառավարութեան նիստի ըստ ձեւի գումարման երեւոյթը եւ անոր հետեւանքները:
Արդարեւ, հակառակ երկրի Ազգային ուխտի բաղկացուցիչ գլխաւոր կողմերու բացակայութեան, վարչապետ Թամմամ Սալամ կառչած մնաց կառավարութեան նիստի գումարման իր որոշումին` կանխարգիլելու համար սահմանադրականօրէն անդամալոյծ նոր հաստատութեան մը ստեղծումը:
Սակայն հակառակ 24 նախարարներու երկու երրորդ համեմատութեան ներկայութեան, կառավարութեան երէկուան նիստը ստացաւ խորհրդակցական բնոյթ եւ պաշտօնական ոչ մէկ որոշում տրուեցաւ:
Այս գծով տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժըրէյժ վարչապետ Սալամին վերագրելով իր խօսքը յայտնեց, որ «այսօրուան նիստը սահմանադրական էր եւ կը համընկնէր Ազգային ուխտի տրամադրութիւններուն, սակայն կարելի չէր անտեսել անոր քաղաքական նորայայտ հեռանկարը, զոր կը մաղթենք շրջանցել եւ շարունակել ստանձնել մեր ազգային պարտականութիւնը այս դժուար հանգրուանին»:
Ինչպէս կառավարութեան բոլոր նիստերուն սկզբնաւորութեան, վարչապետ Սալամ երէկ կրկին շեշտեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Սալամ յայտարարեց, որ յաւելեալ առիթ պիտի տայ խորհրդակցութեանց` միաժամանակ շեշտելով, որ կառավարութեան աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը հիմնական ազդակ է անոր գոյատեւման համար:
Ուշագրաւ էր զբօսաշրջիկութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի պարագան, որ մասնակցեցաւ ժողովին, հակառակ նախապէս իր չմասնակցելու որոշումի յայտարարութեան: Ժողովի աւարտին Ֆարաոն իր կեցուածքը յստակացուց` յայտնելով, որ ժողովին մասնակցած էր առաջքը առնելու համար վարչապետի հրաժարման հաւանականութեան` պայման դնելով, որ խնդրայարոյց նիւթերու արծարծման պարագային պիտի քաշուի նիստէն: Ռապիէի մէջ զօր. Միշել Աունի հետ իր ունեցած խորհրդակցութեան աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ Ֆարաոն յայտնեց, որ զօր. Աուն նախանձախնդիր է կառավարութեան եւ պետութեան ամբողջական կառոյցին` անհրաժեշտ նկատելով ուղղակի թէ անուղղակի խորհրդակցութիւնները եւ նպատակայարմար նկատելով նախագահի ընտրութեան շուրջ խորհրդակցութիւնը, «որ կը լուծէ բազմաթիւ հարցեր»:
Այս իմաստով Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանը «Թելէ լիպան» երէկ իր երեկոյեան լուրերու հաղորդումով անհաւանական նկատեց նախարարաց խորհուրդի յաջորդ նիստի մօտալուտ թուականի մը ճշդումը: Ըստ նոյն աղբիւրին, վարչապետ Սալամ կրնայ յառաջիկայ հոկտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին հրաւիրել կառավարութեան նիստը` կատարելէ ետք անհրաժեշտ խորհրդակցութիւններ:
Արդարեւ, Ատհայի տօնին զուգադիպող պաշտօնական արձակուրդը առիթ մը պիտի ըլլայ խնդրոյ առարկայ կողմերուն միջեւ սերտ խորհրդակցութիւններ կայացնելու` յանգելու համար «ո՛չ յաղթական, ո՛չ պարտեալ»-ի լուծման բանաձեւին` տրուած ըլլալով այս հարցին զգայնութիւնն ու պատկան կողմերուն վճռակամութիւնը` կառչած մնալու իրենց կեցուածքին:
Այս իմաստով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ հաւանական նկատեցին որոշ «յառաջդիմութեան» արձանագրուիլը, մինչեւ ընթացիկ սեպտեմբերի վերջը, որ կը զուգադիպի սահմանադրական խիստ կարեւոր այլ ժամկէտի` նախագահի ընտրութեան 45-րդ նիստին: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կրնայ «փողոց իջեցնել» իր անդամներն ու համակիրները, եթէ դրական քայլեր չարձանագրուին: Այս ծիրին մէջ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով յստակացուց, թէ Ազգային ազատ հոսանքը չէ հրաժարած կառավարութենէն, այլ` «դէմ ենք մեզ լուսանցքայնացնելու փորձերուն եւ որոշումներու արձակման բեմադրութեան»: Ապա Սաապ նշեց, որ կառավարութեան նիստը ցոյց տուաւ, թէ ոչ մէկ կողմ կրնայ շրջանցել այլ կողմ մը` միաժամանակ նշելով, որ իրենք ձեռք կ՛երկարեն բոլոր ողջմիտ մտածողներուն:
Իր կարգին, երեսփոխաններ Հիքմաթ Տիպ եւ Նաամթալլա Ապի Նասր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ գործուղուելով այցելեցին մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ անոր փոխանցեցին այս գծով հոսանքին ձեռնարկելիք յառաջիկայ քայլերը: Աունականներուն մօտիկ աղբիւրի մը համաձայն, Ռայի պատրիարքը ողջունած եւ օրհնած է անոնց այս քայլերը:
Նոյն ծիրին մէջ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, նախկին նախարար Մարիօ Աուն «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ ընդգծեց, որ «Ընդդիմութիւնը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի «13 հոկտեմբեր»-ի յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն ընթացքին, մինչ այդ կառավարութեան կողմէ որեւէ որոշումի հրապարակումը հեզասահ պիտի չընթանայ»:
Յառաջիկայ քայլերու համակարգումի ծիրին մէջ երէկ Ռապիէ այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի խորհրդական Մլհեմ Ռիաշի, որ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի ներկայութեան զօր. Աունի հետ իր խորհրդակցութեան ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեց վերջինիս կողմէ որդեգրուելիք քաղաքական մագլցումի քայլերուն:
Իր կարգին, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլան երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով զգուշացուց, որ երկիրը դէպի անդունդ կը գահավիժի: Արսլան շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի քառուղիի մը առջեւ` կոչ ուղղելով ճիգերու սերտացման, խորհրդակցութեանց արդիւնաւէտութեան եւ հիմնադիր համագումարի հաստատման, ուր առաջնահերթութիւնը տրուի նախագահի ընտրութեան: Ըստ Արսլանի, կառավարութեան երէկուան նիստին պարզած երեւոյթը կը վկայէ, թէ հարցերու լուծման «լիբանանականացման» ընտրանքը ձախողած է: Արսլան թուեց հարցերու «լուծման» գծով նախատեսուող երեք մօտեցումներ, որոնցմէ «երկուքը ստոյգ ինքնասպանութեան կը յանգին»:
Այս բոլորին լոյսին տակ դրսեւորուեցան թեր ու դէմ կեցուածքներ` խնդրոյ առարկայ եւ առնչակից կողմերուն միջեւ, ուր ակներեւ էր հասարակաց այն մտավախութիւնը, թէ կացութիւնը քաղաքականապէս կրնայ վատթարանալ եւ յանգիլ վարչապետի հրաժարման, կամ աունականներու կողմէ բողոքի ցոյցերու:
Առ այդ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլ երէկ այցելեց Պշարա Ռայի պատրիարքին, որ ըսաւ. «Կ՛աղօթեմ, որ յաջողիս քայլերուդ մէջ»: Ժեմայէլ մեկնումի պահուն մերժեց որեւէ յայտարարութիւն կատարել:
Իսկ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ ըսաւ. «Կոյր է այն անձը, որ չի նկատեր, թէ երկիրը մխրճուած է խոր տագնապի մէջ»: