
Զինուորական դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա երէկ արգելափակման վճիռ արձակեց օդակայանի ապահովութեան հսկող չորս ոստիկաններու դէմ` իրենց պարտականութեանց մէջ թերացման պատճառով:
Դատախազ Ղիտա նախքան այդ լսեց վկայութիւնը պատանի Խալետ Շըպթիի, որ անցնող 31 օգոստոսին հեզասահ կերպով յաջողած էր Պէյրութի օդակայանէն հասնիլ Թուրքիա` շրջանցելէ ետք օդակայանի ապահովութեան բաժանմունքներուն անցարգելներն ու վարչական տնօրինումները:
Ապու Ղիտա նաեւ լսեց օդակայանի ապահովութեան պատկան տարրերու զեկուցումները:


