Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա երէկ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տուին` ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլէն պահանջելով յետս կոչել վերջերս հրապարակած մէկ յուշագիրը կամ զայն փոխարինող բարեփոխուած յուշագիր մը հրապարակել: Անոնք հանգամանօրէն բացատրեցին Աքուրա-Լասա շրջանին մէջ կալուածային հարցով նախարար Խալիլի հրապարակած յուշագիրը, որ «խոտոր կը համընկնի կալուածային սեփականութեան իրաւունքներուն առնչուող օրէնքներու տրամադրութիւններուն»:
Արդարեւ, նախարար Ալի Հասան Խալիլ վերջերս հրապարակած էր յուշագիր մը Աքուրայի մէջ պետական կալուածային հարցի մը առնչութեամբ, ըստ որուն, չորս հարիւր հազար քառակուսի մեթր պետական հողատարածք մը իւրացուած էր, եւ նշեալ յուշագիրով կ՛որոշէր բեկանել իւրացման որոշումը եւ հողատարածքի սեփականութիւնը վերադարձնել պետութեան:
Անդրադառնալով նախկին նախարար Ժրայսաթիի եւ երեսփոխան Ապի Ռամիայի մամլոյ ասուլիսին մէջ նշուած օրինական հիմնաւորումներուն` նախարար Խալիլ անոնց թելադրեց կրկին կարդալ առնչակից այդ օրէնքները: