Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Նիստի Գումարման Եւ Յետաձգման Հաւանականութեանց Լոյսին Տակ. Հըզպալլա Որոշեց Չմասնակցիլ Կառավարութեան Այսօրուան Նիստին

September 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

tamam-salam_90716

«Ազգային ուխտը եւ առ այդ` ուխտապահութիւնը աւանդ է եւ ես այս կառոյցին պահապանն եմ», յայտարարեց վարչապետ Թամմամ Սալամ` երէկ ակնարկելով նախարարաց խորհուրդի այսօր նախատեսուող նիստի առկախման կամ  յետաձգման հաւանականութիւններուն: Արդարեւ, կառավարութեան նախորդ նիստին լոյսին տակ, երբ Ազգային ազատ հոսանքի եւ ՀՅԴ-ի նախարարները բացակայեցան նիստէն, քուլիսային թէ բացայայտ խորհրդակցութիւններ կատարուեցան «երկիրը փրկելու համար սահմանադրական վերջին այս կառոյցին` կառավարութեան կազմալուծման ու թափուր նստավայրի վերածումէն»:

Այս ծիրին մէջ վարչապետ Սալամ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ պատկան զանազան կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ, թախանձագին խնդրելով  մասնակցիլ այսօրուան նիստին` կանխարգիլելու համար քաղաքական նոր բարդութիւն մը, որ կրնայ լուրջ ու ծանր հետեւանքներ ունենալ: Այս իմաստով, օրինակ` Սալամ խորհրդակցեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի հետ, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու նիստին, պայմանով որ խնդրայարոյց նիւթեր չարծարծուին, յատկապէս եթէ անոնք կը հարկադրեն նախագահի ստորագրութիւնը կամ վաւերացումը  փոխարինող նախարարական ստորագրութիւններ: Նմանապէս եւ Հըզպալլայի աղբիւրներ նոյն կեցուածքը ցուցաբերեցին: Հըզպալլան ներկայացնող պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ  նոյնպէս պատրաստակամութիւն յայտնեց Հըզպալլայի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան` նշելով, որ խնդրայարոյց նշեալ նիւթերու արծարծման պարագային պիտի քաշուին նիստէն: Սակայն երէկ կէս գիշերին Հզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ առիթ տալու համար յաւելեալ խորհրդակցութիւններու, ինչպէս նաեւ Ազգային ուխտի սկզբունքները խախտող կեցուածքով կառավարութեան նիստ գումարելու Սալամի պնդումին պատճառով, Հըզպալլա որոշեց չմասնակցիլ կառավարութեան այսօրուան նիստին:

Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ իր կարգին չուշացաւ հակազդելու եւ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրեց` «մենք ենք աւանդը, մենք ենք անկախութեան սերունդի  ծնունդները», անիմաստ նկատելով նման նիստի կայացումը համախոհութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ: Պասիլ մտավախութիւն յայտնեց երկրի բաղադրիչ կողմերուն միջեւ գոյակցութեան ու համակեցութեան շարունակման գծով` հարց տալով, թէ «այս մթնոլորտին մէջ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք համակեցութեամբ ապրիլ»:

Այս եւ նման կեցուածքներու մթնոլորտին մէջ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւս քուլիսային ճիգերով փորձեց բարերար միջնորդութիւն կատարել եւ այս ծիրին մէջ այցելեց վարչապետ Սալամի:

Յառաջիկայ ժամերուն կը յստականայ, թէ վարչապետ Սալամ արդեօք պիտի յետաձգէ՞ կառավարութեան այսօրուան նիստը, թէ՞ ամէն պարագայի պիտի կայացնէ զայն:

Նախորդը

Մաղթելով Հանրապետութեան Նախագահի Շուտափոյթ Ընտրութիւն` Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան «Խռովութիւններով Փոթորկոտ Շրջանի Մը Մէջ Կայունութեան Ովասիս Մը» Որակեց Լիբանանը

Յաջորդը

«Խոցելի Պետութիւններու Ցուցակ-2016»-ի Համաձայն. Հայաստան Շրջանին Մէջ Նուազագոյն Խոցելի Երկիրն Է, Լիբանան Նահանջ Արձանագրած Է

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.