Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեկտեմբերը` Լուծման Վերջին Ժամկէտ. Միջնորդական Ճիգերը Կ՛առկախուին` Սպասելով Քուլիսային Խորհրդակցութիւններու Արդիւնքներուն

Սեպտեմբեր 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

michel-aoun_90916

Ատհայի տօնին բերումով երկրի պաշտօնական գրասենեակները առկախեցին իրենց միջնորդական խորհրդակցութիւնները` սպասելով տօնական այցելութեանց ծիրին մէջ տեղի ունենալիք քուլիսային խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն:

Արդարեւ, հակառակ միջնորդական հաղորդակցութիւններուն, պատկան կողմեր շարունակեցին վճռական մնալ իրենց կեցուածքներուն մէջ` սպասելով դրական ազդանշաններու:

Այս իմաստով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ երէկ յայտնեց, որ իրենք «պիտի շարունակեն իրենց պահանջատիրութիւնը, այնքան ատեն որ լուսանցքայնացուած են իրենց իրաւունքները»: «Ի վերջոյ անիրաւութիւնը կը յանգի յեղափոխութեան», ընդգծեց Տիպ:

Նոյն ծիրին մէջ, Ռապիէի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ աունականներ կառչած կը մնան իրենց պահանջներուն եւ իրենք ոչ ոքի միջամտութեան դիմած են` ակնարկելով ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի նախաձեռնած միջնորդութեան: Իր կարգին, հազարապետ զօրավար Իպրապիմ «Ժատիտ» կայանին յստակացուց, որ ինք պարզապէս պատգամներ փոխանցած է:

Իսկ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ «վերադարձ կամ զիջում չկայ իրենց պահանջներէն` ժխտական ազդանշան նկատելով կառավարութեան նիստի գումարումը:

Պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը երեսփոխան Քանաան յայտնեց, որ «առ այժմ սպասման վիճակի մէջ ենք, սակայն եթէ սկսինք շարժելու, մագլցողական քայլերը պիտի սկսին փողոցէն` հասնելով վարչակարգին եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն»:

Դարձեալ նոյն ծիրին մէջ, Ազգային կուսակցութիւններու համախմբումի պատուիրակութիւնը այցելեց Ռապիէ, ուր զօր. Միշել Աունի հետ խորհրդակցութեան աւարտին վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Աունին եւ իր հետեւորդներու պահանջներուն:

Նմանապէս, Ռապիէի այցելուներ` զօր. Աունի վերագրելով իրենց խօսքերը, յայտնեցին, թէ «Աուն որեւէ ատեն չէ մերժած խորհրդակցիլ», «իրե՛նք են, որ չեն ուզեր խորհրդակցիլ հետս», ընդգծած է զօր. Միշել Աուն` ըստ նոյն աղբիւրներուն: Անոնք աւելցուցին, որ Աունի մօտ յոռետեսութիւն կը տիրէ ներկայ կացութեան շարունակման գծով, բացի եթէ դրական քայլեր նախաձեռնուին նախագահական ընտրութեան գծով:

Նմանապէս «Օ. Թի. Վի.» կայանը երէկ երեկոյ հաղորդեց, որ զօր. Աուն կը շարունակէ «լռել» եւ ան ոչ ոքի դիմած է կամ ոչ ոք առաքած է առ որ անկ է: Նոյն աղբիւրը դիտել տուաւ, թէ Աուն չ՛արտօներ, որ մէկն ալ իր անունով խօսի:

Այս բոլորին դիմաց, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ եթէ վարչապետ Սալամի հրաժարականը աւելի պիտի բարդացնէ կացութիւնը, Սալամ կը նախընտրէ չհրաժարիլ` նշելով, որ «Հըզպալլա կառավարութեան նիստերէն բացակայելու մթնոլորտին մէջ չէ»:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ անհրաժեշտ նկատեցին երկխօսութեան վերակենդանացումը եւ շինիչ լուծումներու յանգումը` նախքան դեկտեմբեր, որ կը զուգադիպի ընտրութիւններու վճռումին:

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, ցարդ Պըրրի ի՛նք կը նախաձեռնէր խաղաղարար քայլերու, այս անգամ խնդրոյ առարկայ կողմերը իրե՛նք պարտին դիմել Պըրրիի եւ հարթել թնճուկը:

Նոյն աղբիւրները կ՛ընդգծեն, որ նախագահի ընտրութեան ձախողութեան պարագային կը մնայ մէկ ընտրանք` սպասել յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Փաստօրէն, Պըրրի վճռած է խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացնել ամէն գնով: «Ոչ իսկ մէկ օրով պիտի երկարաձգուի երեսփոխաններուն պաշտօնավարութիւնը», շեշտած է Պըրրի:

Նոյն առնչութեամբ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ խորհրդակցեցաւ երկրին սահմանադրական տագնապին շուրջ: Այս առիթով Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց «գերիշխանութեան պահպանման կողմնակից» խմբակներու վերամիացումը, հոգ չէ թէ տարբեր անուան տակ:

Նաեւ` Դիւանագիտական Մակարդակի Վրայ

Լիբանանի սահմանադրական տագնապը` նախագահի ընտրութեան ձախողութենէն մինչեւ կառավարութեան եւ խորհրդարանի գործունէութեան առկախում, որ իր կարգին տեղքայլի կը մղէ առնչակից սահմանադրական հաստատութիւնները, չվրիպեցան նաեւ արտաքին կողմերու ուշադրութենէն:

Այս իմաստով երէկ երկրորդ օրն ըլլալով դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռ արձանագրուեցաւ երկրին ղեկավար ամձնաւորութիւններու ուղղութեամբ:

Այս ծիրին մէջ, վարչապետ Թամմամ Սալամ անջատաբար ընդունեց Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպանները: Երկկողմանի յարաբերութեանց կողքին, խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ լիբանանեան հրապարակի վերջին իրադարձութիւնները:

Նշեալ դեսպաննեը այցելեցին նաեւ Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ տեսակցութեան աւարտին, Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր կոչ ուղղեց լիբանանեան պատկան կողմերուն` «մէկ կողմ ձգելու իրենց վէճերն ու տարակարծութիւնները եւ վերակենդանացնելու ազգային երկխօսութեան ճիգերն ու սահմանադրական կառոյցներու գործունէութիւնը, որոնց ճամբով կարելի է յանգիլ նախագահի ընտրութեան»:

 

Նախորդը

Մաժտալ Այնճարի Պայթումին Գծով Ձերբակալուեցաւ Ուիամ Ուահապի Զինակիցներէն Մէկը

Յաջորդը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Գերմանացի Քերպըր Սերենա Ուիլիըմզէն Խլեց Պարագլուխի Դիրքը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?