«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ ուշ գիշերին հաղորդեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի պահակագունդի պետը Մոհամետ Իպրահիմ դաշունահարուած է, երբ զինեալ բախումի ենթարկուած է Խաթիպ ընտանիքէն քաղաքապետի մը հետ` Շուֆի Հասրութ շրջանին մէջ:
Բանակը միջամտած է հանդարտեցնելու կրակոցն ու բախումները երկու կողմերուն միջեւ:


