
«Ուժանիւթի նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ զարգացնելու ուժանիւթի մարզը եւ ելեկտրական ցանցին միացումը` իբրեւ առաջնակարգ օգտուող», յայտարարեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, երէկ Տըպպայէի «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ, «Պէյրութի ուժանիւթի միջազգային 7-րդ խորհրդաժողով»-ի աւարտին:
Անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ նախարար Նազարեան նշեց, որ նախարարութիւնը իր ճիգերը կը համակարգէ պատկան կողմերուն հետ եւ թէ թեքնիք մասնագիտական յանձնախումբ մը կազմուած է այս կարեւոր թղթածրարին հետապնդման համար: Նազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ դրուատեց մասնակից կողմերուն այս նախաձեռնութիւնը:
Նախարար Նազարեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին խօսք առին նաեւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի` «Եու. Էն. Տի. Փի.»-ի, «Այ. Փի. Թի.» կեդրոնի, Եւրոպական Միութեան, Ելեկտրականութեան ընկերութեան եւ առնչակից այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Աւարտին նախարար Նազարեան եւ այլ անձնաւորութիւններ պարգեւատրուեցան «Ի. Էյ. Էյ.»-ի յատուկ յուշանուէրներով` ուժանիւթի մարզին մէջ իրենց բերած օգտաշատ ներդրումին համար:


