«Անգամ մը, որ փողոց իջնենք, ետդարձ չկայ, մինչեւ մեր պահանջներուն իրագործումը», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ համախմբումի հերթական նիստի աւարտին:
«Ազգային ուխտի պահանջման ճիգերու ջնջումը համազօր է Լիբանանի ջնջումին, իսկ ներկայ իրադրութեան երկարաձգումը պիտի երկարաձգէ տիրող տագնապը», ընդգծեց Քանաան` վերահաստատելով 28 սեպտեմբերէն սկսեալ «փողոց իջնելու» պլոքի որոշումը: