Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աունականներու Զօրաշարժի Քայլերուն Լոյսին Տակ. Երկրի Պատասխանատուները Կը Փորձեն Ամրապնդել Լիբանանի Քաղաքական, Ապահովական Եւ Տնտեսական Կայունութիւնը

Սեպտեմբեր 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն միջոցին, երբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներ եւ համակիրներ կը պատրաստուին «զերօ ժամկէտ»-ին, երկրի պատասխանատուներուն խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի բարեփոխման եւ կայունութեան ճիգերուն վրայ` տեղական թէ միջազգային առումով:

speech-for-pr-minister-tammam-salam-at-the-united-nation_92216

Արդարեւ, վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ, նախքան իր Պէյրութ վերադարձը, ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին ամպիոնէն ուղղեց Լիբանանի խօսքը: Սալամ միջազգային այդ հարթակէն կոչ ուղղեց Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն` օժանդակելու եւ զօրակցելու Լիբանանին, անոր հրատապ հարցերու լուծման, յատկապէս` նախագահի ընտրութեան, գաղթականներու տունդարձին եւ տնտեսական հզօրանքին ու բարգաւաճման: Սալամ քննադատեց եւ դատապարտեց ցայժմ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան հողերու գրաւումն ու բռնութիւններու շարունակումը: Վարչապետ Սալամ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի 10-ամեակին առիթով վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը այս բանաձեւին գործադրութեան առնչութեամբ եւ պահանջեց Իսրայէլի հեռացումը իր գրաւած բոլոր հողատարածքներէն: «Լիբանան կառչած կը մնայ իր ջուրերուն, քարիւղին եւ կազին», ընդգծեց Սալամ` վերյիշեցնելով անցնող մարտ ամսուան ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուցած իր պահանջը` Լիբանանեւիսրայէլեան սահմաններու յստակացումին համար` նշեալ մարզերուն առնչութեամբ: Վարչապետ Սալամ այս առիթով պահանջեց, որ խաղաղութիւնն ու երկխօսութիւնը տիրէ շրջանին մէջ` սուգին ու աւերին փոխարէն:

Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը ՄԱԿ-ի ժողովասրահէն դուրս ելաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի խօսքի փոխանցման պահուն:

Դարձեալ միջազգային մակարդակի վրայ, վարչապետ Սալամ հանդիպումներ ունեցաւ շրջանային թէ միջազգային պատասխանատուներու, ինչպէս` Մալեզիոյ իր պաշտօնակիցին, ՄԱԿ-ի մօտ գաղթականներու հարցերու պատասխանատու` Ֆիլիփօ Կրանտէի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ:

Պասիլի Հանդիպումները

bassil_maria-angela_92216

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ մասնակցեցաւ վարչապետ Սալամի ունեցած հանդիպումներուն մեծ մասին: Ինչպէս նաեւ ան ձեռնարկեց հանդիպումներու շրջանային թէ միջազգային իր պաշտօնակիցներուն եւ դերակատար, հանգամանաւոր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: Անոր խորհրդակցութեանց առանցքները կազմեցին երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ յատկապէս գաղթականներու հարցերը:

Նաեւ` Ներքին Ճակատի Վրայ

Արտաքին ճակատի վրայ միջազգային շրջանակներու մօտ տարուող ճիգերուն զուգահեռ, երէկ լիբանանեան քաղաքական բեմը կեդրոնացաւ գլխաւոր երեք հարցերու վրայ:

Քաղաքական իմաստով ճիգերը շարունակուեցան կողմերու կարծր կեցուածքները մեղմացնելու ուղղութեամբ, տեղական թէ միջազգային դիւանագիտական աղբիւրներու մակարդակով:

Այս ծիրին մէջ, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին երկրի ղեկավարներուն տուած իր մագոգային այցելութիւններուն ծիրին մէջ երէկ այցելեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնեց կողմերու տեսակէտներու մերձեցման նպատակով: Սակայն ան թելադրեց, որ լիբանանցիք նաեւ իրե՛նք համախոհութեան յանգին երկրին հրատապ հարցերուն շուրջ:

Այս իմաստով ուշագրաւ քայլերու դիմած էր նաեւ Եգիպտոսի նոր նշանակուած դեսպանը` անցնող քանի մը օրերուն:

Տեղական իմաստով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, յառաջիկայ 48 ժամերը վճռական են սպասելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ դրական ազդանշանի: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, աունականներուն համար Մուսթաքպալի կեցուածքը «բան մըն է», իսկ Սաատ Հարիրիի կեցուածքը` «ուրիշ բան»:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ վերահաստատեցին, որ իրենք կը շարունակեն իրենց նախապատրաստական քայլերը` «ապօրինի» նկատելով փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի որոշումին գործադրութեան հաւանականութիւնը բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան երկարաձգման վերաբերեալ, «որովհետեւ ինք իրաւունք չունի մինակը վճռելու նման հարցեր»: Երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ ինք յոռետես է 28 սեպտեմբերի նախագահական ընտրութեան նիստին վերաբերեալ` նշելով, որ ամէն հաւանականութիւն նկատի առնուած է, ներառեալ` «փողոց իջնելը»: Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, աչալուրջ կը հետեւին դէպքերու հոլովոյթին եւ անոնց կառավարութեան յառաջիկայ նիստէն բացակայիլը հաստատ չէ:

Իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, զօր. Միշէլ Աուն առկախած է իր գլխաւորած համախմբումի նախարարներու ու երեսփոխաններու արձակուրդներուն արտօնագիրները եւ ընդհանուր զօրաշարժի մթնոլորտ կը տիրէ աունականներու տարբեր միաւորներուն մօտ: Անոնց պահանջատիրական ցոյցերուն առանցքները պիտի կազմեն հիմնական երեք կարգախօսներ.

– Լիբանանցիներու ներկայացուցչութիւնը սրբագրող ընտրական նոր օրէնքի մշակում:

– Հանրապետութեան զօրաւոր նախագահի ընտրութիւն:

– Ազգային ուխտի գործադրութեան նախանձախնդրութեան շեշտադրում:

Ազգային ազատ հոսանքի համակիրները «կազմ ու պատրաստ» են շարժելու, եւ անոնց գլխաւոր քայլը պիտի ըլլայ, ըստ նոյն աղբիւրներուն, 15 հոկտեմբերը, երբ Աուն իր խօսքը պիտի ուղղէ ժողովուրդին` մեծ ցոյցի մը ընթացքին:

Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներու կարծիքով, այս հոսանքի ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ ամիս, եւ անոր ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահական թեկնածութեան արծարծումը «հաւանական է»:

Այս կեցուածքներն ու մեկնաբանութիւնները կու գան այն պահուն, երբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ ստորագրած իր յօդուածով կը նշէ, թէ Հըզպալլա կ՛արգելակէ նախագահի ընտրութիւնը: Ան կոչ կ՛ուղղէ Իրանի վարիչներուն «ձեռքը քաշելու» Եմէնի, Իրաքի, Սուրիոյ, թէ Լիբանանի հրապարակներէն եւ վերջ տալու «սիւննիներու» ընկճումին»:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ վերահաստատեց եւ վերյիշեցուց 28 սեպտեմբերի նիստին գումարումը:

Իրագործում` Ապահովական Մակարդակի Վրայ

Քաղաքական կեցուածքներու հակասական մակընթացութեան եւ սպասողական մթնոլորտին զուգահեռ, ապահովական կայունութեան ամրապնդման առնչութեամբ երկրին պատկան կողմերը երէկ վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը` դիմակալելու ապահովական ամէն տեսակ մարտահրաւէր:

Այս իմաստով ուշագրաւ իրագործում մը արձանագրուեցաւ երէկ լիբանանեան ապահովական մարզին մէջ, երբ բանակի յատուկ ուժեր յաջողեցան ձերբակալել, բազմաթիւ հարցերով մեղադրուող Իմատ Եասինը կամ «ՏԱՀԵՇ-ի էմիրը» պաղեստինեան Այն Հլուէ գաղթակայանին մէջ, Սայտայի մօտ: Ըստ բանակի հաղորդագրութեան, Եասին ծրագրած էր խափանարարական քայլերու դիմել լիբանանեան բանակի դիրքերու դէմ եւ այլ շրջանակներու մէջ:

Այն Հլուէի այս իրագործումը կու գայ վերջերս, Ժունիէի մօտ Սարպա շրջանին մէջ շրջանի բնակիչներուն եւ սուրիացի գաղթականներու միջեւ պատահած զինեալ բախումներէ ետք: Հարցը փակուեցաւ բանակի միջամտութենէն ետք` զայն վերագրելով պատահական վէճերու:

Նմանապէս Այն Հլուէի մէջ Իմատ Եասինի ձերբակալումը կու գայ Շուֆի մօտ Արամունի մէջ պատահած զինեալ բախումներէն ետք, որոնք դարձեալ «հանդարտեցան» բանակի միջամտութենէն ետք, եւ դէպքը վերագրուեցաւ նախկին վէճերու: Այս բոլորը կը վկայեն երկրին պատկան կողմերուն վճռակամութիւնը` իր հունին մէջ խեղդելու խռովարար որեւէ քայլ:

 

Նախորդը

Զգուշաւոր Հանդարտութիւն` Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

Յաջորդը

Երիտասարդներու «Չեմփիընզ Լիկ». Նորիկ Մկրտչեան Մասնակցեցաւ Պայէրն Միւնիխի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?