ՊԷՅՐՈՒԹԻ Զոքաք Պլաթ շրջանին կից շիի աղօթավայրի մը մօտ կասկածելի ինքնաշարժ մը նկատուած է երէկ գիշեր: Յետ խուզարկութեան ի յայտ եկած է, որ անիկա զերծ է պայթուցիկ որեւէ նիւթէ:
ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԱՄԵԱՅ Ռ. Ապի Ատ անունով ծերունի մը նախանցեալ գիշեր Նաքքաշի մէջ սպաննած է իր փեսան, որ իր կնոջ հետ վիճաբանելէ ետք յարձակած էր իր աներոջ վրայ: Ապի Ատ վախցնելու համար իր փեսան եւ ինքնապաշտպանութեան մղումով, ատրճանակ պարզած է անոր դէմ, որ սակայն մահացու եղած է:


